Սէուտական Արաբիոյ Արեւելքը Մզկիթի Մը Դէմ Յարձակում
Սէուտական Արաբիոյ արեւելեան Ահսա շրջանի Մահասեն գիւղի Իմամ Ռիտա մզկիթին դէմ յարձակում մը երէկ պատճառեց 5 զոհ եւ բազմաթիւ վիրաւորներ: Ըստ Սէուտական Արաբիոյ ներքին գործոց նախարարութեան, ականի մը պայթումին եւ ատոր յաջորդող կրակոցին պատճառով արձանագրուած է 2 զոհ եւ 7 վիրաւոր: Մզկիթին առջեւ տեղի ունեցած է պայթում մը, որուն յաջորդած է կրակոց: Ականատեսներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած են, թէ ապահովական...




















