ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն Մարոքի Մարաքեշ քաղաքին մէջ «Կրօնական փոքրամասնութիւններու իրաւունքները իսլամական երկիրներուն մէջ. իրաւական երեւոյթը եւ գործելու կոչը» միջազգային խորհրդաժողովին ընթացքին կարդացուած իր խօսքին մէջ յայտնած է, որ Միջին Արեւելքի շրջանը խաղաղ գոյակցութեան կարիքը ունի:
«Միջին Արեւելքը խաղաղ գոյակցութեան կարիքը ունի», նշած է ան` աւելցնելով. «Երկխօսութիւնը աւելի քան անհրաժեշտութիւն դարձած է աշխարհի այդ շրջանի մեծ խնդիրներուն լուծման համար»:
«Իսլամական երկիրներուն մէջ կրօնական փոքրամասնութիւններու հարցը համապարփակ լուծում կը պահանջէ», ընդգծած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը:
«Իւրաքանչիւր հասարակութիւն պէտք է յստակացնէ պետութեան եւ կրօնի միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւնները», աւելցուցած է Քի Մուն: