
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Լիւթֆի Էլվան յայտնած է, որ Թուրքիոյ ազգային հետախուզական ծառայութեան` ՄԻԹ-ի 2016-ի պիւտճէն 47 առ հարիւրով աւելցուած է:
Ան նշած է, որ 2016-ին ՄԻԹ-ի պիւտճէն պիտի կազմէ 1,6 միլիառ թրքական լիրա:
Ան նաեւ յայտնած է, որ ներկայիս ՄԻԹ-ի համար նոր շէնք կը կառուցուի:
Թուրքիոյ ազգային հետախուզական ծառայութիւնը ստեղծուած է 1965-ին` 1926-ին կազմուած Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան հիման վրայ:
Միջազգային եւ թրքական լրատուամիջոցներ նախապէս յայտնած էին, որ Թուրքիան ՄԻԹ-ի միջոցով զէնք եւ սպառազինութիւն կը մատակարարէ ՏԱՀԵՇ խմբաւորման, որ կ՛ուզէ իսլամական խալիֆայութիւն ստեղծել Իրաքի եւ Սուրիոյ տարածքին:


