Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղարը Քննադատած Է Ազրպէյճանը

January 29, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Թորպիոռն Եակլանտ
Թորպիոռն Եակլանտ

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով Եւրոպական խորհուրդի պաշտօնական կայքը, կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոռն Եակլանտ քննադատած է Ազրպէյճանը մարդու իրաւունքներու շուրջ Եւրոպական համաձայնութեան պահանջները խախտելուն համար:

Եակլանտ իր գործունէութեան մասին 26 յունուարին Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին ուղարկած տարեկան զեկուցումին մէջ շարք մը երկիրներուն զուգահեռ խիստ քննադատութեան ենթարկած է Ազրպէյճանը` ուշադրութիւնը կեդրոնացնելով այդ երկրին մէջ մարդու իրաւունքներու կոպիտ ոտնահարումներուն վրայ:

Ըստ անոր, «Եւրոպական համաձայնութիւնը ներկայիս յայտնուած է սպառնալիքի տակ… Երբ որոշ պետութիւններ կ՛արհամարհեն իրենց պարտաւորութիւնները, կամ կը փորձեն ընտրել, թէ ո՛ր կանոններուն պէտք է հետեւիլ, որոնց` ոչ, ատիկա Համաձայնութեան հիւսուածքէն միացնող տարրեր դուրս կը քաշէ: Եւ երբ անիկա սկսի «քանդուիլ», այդ հոլովոյթը դժուար պիտի ըլլայ կանգնեցնել», ըսած է Եակլանտ:

Մանրամասնելով Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու իրավիճակը` Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը վճռականօրէն դատապարտած է, Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի վճիռին հակառակ, գործիչ Իլկար Մամետովի կալանքի տակ գտնուիլը:

«Ան Եւրոպայի մէջ միակ մարդն է, որ մինչեւ հիմա կը գտնուի բանտին մէջ` հակառակ այն բանին, որ աշխարհամասին մէջ բարձրագոյն իրաւական ուժ ունեցող Սթրազպուրկի դատարանը` յենելով հազուադէպ կիրարկուող 18-րդ յօդուածին վրայ, եզրակացուցած է, որ Ազրպէյճանի դատարաններն ու դատախազութիւնը կը չարաշահեն իրենց իշխանութիւնը` անոր դէմ գործը քննելու ժամանակ: Այլ խօսքով` անոր դէմ օգտագործուած են քաղաքականապէս պատճառաբանուած ապացոյցներ», նշած է ան:

Եակլանտի խօսքով` Համաձայնութեան 52-րդ յօդուածին համաձայն, իր ընդհանուր քարտուղար դառնալէն ետք առաջին անգամ ըլլալով որոշում որդեգրուած է յատուկ առաքելութիւն ուղարկելու Ազրպէյճան` հասնելու Իլկար Մամետովի ազատ արձակման:

Նախորդը

«Միջին Արեւելքը Խաղաղ Գոյակցութեան Կարիք Ունի» Կ՛ըսէ Քի Մուն

Յաջորդը

Թուրքիան Կ՛աւելցնէ Հետախուզութեան Ֆինանսաւորումը

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.