
Լիբանանեան «Նաշրա» կայքը կը հաղորդէ, որ ըստ մամլոյ տեղեկութիւններու, Իսրայէլ անցնող քանի մը օրուան ընթացքին Թուրքիոյ ներկայացուցած է երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման շուրջ համաձայնութեան սղագիր մը, եւ կը սպասուի, որ Անգարա այդ սղագիրը սերտելէ ետք իր պատասխանը իսրայէլեան կողմին փոխանցէ եւրոպական երկրի մը մէջ յառաջիկայ շաբաթ նախատեսուած երկու կողմերուն միջեւ հանդիպումին ընթացքին:
Ըստ տեղեկութեանց, ներկայիս խնդիրը Կազայի շրջափակումին վերցուելուն վրայ թրքական կողմին պնդումն է: Ըստ իսրայէլեան նախագիծին, երկու կողմերուն միջեւ համաձայնութիւնը պիտի չազդէ Կազայի նկատմամբ Իսրայէլի քաղաքականութեան վրայ:


