Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Քուէյթեան «Ժարիտա» Օրաթերթին. Գահիրէ Ձերբակալած Է Թուրք Սպայ Մը Եւ Խուզարկած Պոլիս Ուղղուող Օդանաւ Մը

Յունուար 30, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Egypt-Turkey_012916Քուէյթեան «Ժարիտա» օրաթերթը կը գրէ, որ թուրք-եգիպտական յարաբերութիւններուն վրայ ժխտական անդրադարձ ունենալու կարողականութիւնը ունեցող զարգացումով մը` եգիպտական ապահովական մարմինները հինգշաբթի օր Կիզայի մէջ ձերբակալած են Թուրքիոյ ոստիկանութեան վարչական անվտանգութենէն սպայ մը, երբ վերջինս իր ինքնաշարժին մէջէն լուսանկարած է զբօսաշրջական Հարամ շրջանին մէջ ապահովական ուժերու վայրերը, ինչ որ ապահովական մարմիններուն մօտ կասկածներ յառաջացուցած է:

Հետաքննութիւնը ցոյց տուած է, որ կասկածեալը Գահիրէ հասած է 23 յունուարին` «զբօսաշրջական մուտքի արտօնագիրով» եւ իր ընկերներէն մէկուն հետ պտտած ատեն լուսանկարած է ապահովական մարմիններուն պատկանող վայրեր:

Օրաթերթը կը գրէ, որ թուրք քաղաքացիին ձերբակալման դէպքը կ՛ամրապնդէ սէուտական ղեկավարութեամբ թուրք-եգիպտական հաշտութեան ջանքերու ձախողութեան հաւանականութիւնը:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութենէն դիւանագիտական աղբիւրներ «Ժարիտա»-ին յայտնած են, որ Գահիրէ մերժած է երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու վերականգնման համար թրքական նախապայմանները:

Աղբիւրները նշած են, որ Թուրքիոյ մէջ ապրիլին նախատեսուած Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան վեհաժողովը նախորդող քայլով մը, անցեալ օրերուն Անգարայի մէջ տեղի ունեցած է եգիպտական ու թրքական պատուիրակութիւններու միջեւ սէուտական հովանաւորութեամբ հանդիպում մը:

Հանդիպումը ձախողած է, երբ Թուրքիան մերժած է Եգիպտոսի ներքին հարցերուն չմիջամտելու եւ նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսին իբրեւ օրինական նախագահ ճանչնալու եգիպտական պայմանները:

Աղբիւրները նաեւ նշած են, որ թրքական իշխանութիւնները յարաբերութիւններու վերականգնման համար ճշդած են երեք նախապայմաններ` Եգիպտոսի նախկին նախագահ Մոհամետ Մուրսիի ազատ արձակումը, Իսլամ եղբայրներու ղեկավարութեան դէմ արձակուած մահապատիժի վճիռի ջնջումը եւ Իսլամ եղբայրները ահաբեկչական խմբաւորում չնկատելը: Գահիրէ մերժած է թրքական բոլոր նախապայմանները եւ կառչած մնացած է Իսլամ եղբայրներու հետապնդումի ենթակայ ղեկավարները եգիպտական ապահովական մարմիններուն յանձնելու, Թուրքիայէն սփռուող եւ այդ խմբաւորման պատկանող արբանեակային կայանները փակելու պահանջներուն:

Սէուտական կողմի միջամտութենէն ետք, թրքական կողմը համաձայն գտնուած է նշեալ արբանեակային կայանները փակելու, Գահիրէի դէմ թշնամական յայտարարութիւնները դադրեցնելու եւ Եգիպտոսի ներկայ իշխանութեան հետ գործակցելու, սակայն մերժած է Իսլամ եղբայրներու ղեկավարները յանձնել, կառչած մնացած է Մուրսին ու այլ ղեկավարներ ազատ արձակելու եւ մահապատիժի վճիռը ջնջելու իր պահանջին, ինչ որ պատճառ դարձած է բանակցութեան տապալման:

Եգիպտոս թրքական կեցուածքը որակած է «յամառ»:

 

 

Նախորդը

Սեւ Ծովուն Վերեւ Միջադէպ` Ռուսական Եւ Ամերիկեան Ռազմական Օդանաւերու Միջեւ

Յաջորդը

«Ռիատ Պէտք Է Առաջին Քայլը Ընէ Թեհրանի Հետ Յարաբերութիւնները Բնականոնացնելու Համար» Կ՛ըսէ Ռուհանի

RelatedPosts

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս  Հարուածելը Եւ Անոր Հետ  Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս Հարուածելը Եւ Անոր Հետ Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ

Յուլիս 9, 2025
Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ  Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ.  Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ  «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել
Միջազգային

Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ. Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել

Յուլիս 9, 2025
Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»
Միջազգային

Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?