Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սուրիոյ Տագնապը Լուծելու Համար Պէտք Է Վերջնական Տեսքի Բերել Ընդդիմադիրներու Ցուցակը» Կ՛ըսէ Փեսքով

January 29, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Տմիթրի Փեսքով
Տմիթրի Փեսքով

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարած է, որ սուրիական տագնապը լուծելու համար անհրաժեշտ է վերջնական տեսքի բերել ընդդիմադիր եւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցուցակները:

Ան աւելցուցած է, որ այդ ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տարուին:

«Դուք գիտէք, որ հաշտութեան, այսպէս ըսուած, ընթացող գործողութիւնները դադրեցնելու (ոչ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ) հարցը արդէն ձեւաւորուած է, սակայն ատոր համար անհրաժեշտ է վերջնականապէս հասկնալ, թէ որո՛նք են ահաբեկչական կազմակերպութիւնները, որո՛նք` ընդդիմադիր: Ինչպէս գիտէք, այդ աշխատանքը տակաւին կարելի չէ եղած իր աւարտին հասցնել», ըսած է Փեսքով:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ նախագահի Միջին Արեւելքի հարցով յատուկ պատուիրակ, արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով յայտարարեց, որ 11 փետրուարին կը նախատեսուի Սուրիոյ շուրջ «աջակցութեան խմբակ» անունով ծանօթ «Վիեննայի ձեւաչափով» բանակցութիւններ վարել:

Պոկտանով նշեց, որ այդ հարցին շուրջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի միջեւ սկզբունքային համաձայնութիւն գոյութիւն ունի:

Ան ըսաւ, որ Սուրիոյ շուրջ բանակցութիւնները յետաձգելու շուրջ խօսք չկայ` նշելով. «Մոսկուա եւ Ուաշինկթըն համաձայն են, որ առանց քիւրտերու մասնակցութեան Ժընեւի բանակցութիւնները անհեռանկար են»:

«Ժէյշ Իսլամի եւ Ահրար Շամի` Ժընեւի բանակցութիւններուն մասնակցութեան շուրջ որոշումը տակաւին չէ տրուած», աւելցուց Պոկտանով:

Նախորդը

Ուաշինկթըն. «Թուրքիոյ Կողմէ ՏԱՀԵՇ-ի Ֆինանսաւորման Եւ Անկէ Քարիւղի Գնման Շուրջ Փաստեր Գոյութիւն Չունին»

Յաջորդը

Քուէյթի Մէջ Ձիւնեց Եւ Ջերմաստիճանը Նուազեցաւ -7-ի

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.