
Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի Փարիզ իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին «Ֆրանս 24» պատկերասփիւռի կայանին եւ «Լը Մոնտ» ու «Ֆրանս Քիւլթիւր» թերթերուն հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է, որ Ռիատ պէտք է առաջին քայլը կատարէ Թեհրանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերականգնման համար:
«Մենք դատապարտած ենք Թեհրանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դիւանագիտական ներկայացուցչութեան դէմ կատարուած յարձակումը: Ձերբակալած ենք մեղաւորները, անոնք բանտն են: Այժմ Ռիատը պէտք է նախաձեռնութիւն կատարէ», ըսած է Ռուհանի:
Երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները սրած էին, երբ 2 յունուար 2016-ին մահապատիժի ենթարկուեցաւ սէուտցի շիի հոգեւորական շէյխ Նըմըր Նըմըր: Մահապատիժի փաստէն զայրացած ցուցարարներ յարձակում գործած էին Թեհրանի եւ Մեշհետի մէջ սէուտական դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն դէմ: Ի պատասխան, Սէուտական Արաբիան 3 յունուարին խզած էր դիւանագիտական յարաբերութիւնները Իրանի հետ: