
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կրիկորի Քարասինը երէկ Մոսկուայի մէջ ընդունած է իրանցի իր պաշտօնակից Իպրահիմ Ռահիմփուրը:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան փոխանցումով` արտաքին գործոց փոխնախարարները մտքեր փոխանակած են շրջանային կարգ մը հարցերու շուրջ: Յատուկ կերպով անդրադարձ կատարուած է Կեդրոնական Ասիոյ, Հարաւային Կովկասի ու ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ տագնապի լուծման շուրջ Մինսքի համաձայնագիրներու իրականացման:


