Միջազգային

Էրտողան. «Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Կը Գործադրուի Վտանգաւոր Ծրագիր Մը, Որուն Ետին Կը Գտնուին Կողմեր, Որոնք Կը Յաւակնին Մեր Բարեկամները Ըլլալ»

Էրտողան. «Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Կը Գործադրուի Վտանգաւոր Ծրագիր Մը, Որուն Ետին Կը Գտնուին Կողմեր, Որոնք Կը Յաւակնին Մեր Բարեկամները Ըլլալ»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ գոյութիւն ունի «վտանգաւոր ծրագիր մը, որ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ կը գործադրուի, եւ ատոր ետին կը կանգնին կողմեր, որոնք իրենք զիրենք կը ներկայացնեն իբրեւ Թուրքիոյ բարեկամները»: Էրտողան առանց անուններ նշելու, սակայն տողատակի ակնարկելով Միացեալ Նահանգներուն` քննադատեց կողմեր, որոնք հիւսիսային Սուրիոյ մէջ կ՛աջակցին քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան,  այն պատրուակով, որ վերջինս ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կը պայքարի:...

Օրլանտոյի Մէջ Գիշերային  Վայրի Մը Դէմ Յարձակում

Օրլանտոյի Մէջ Գիշերային Վայրի Մը Դէմ Յարձակում

50 զոհեր արձանագրուեցան եւ 53 ուրիշներ վիրաւորուեցան, երբ Օրլանտոյի մէջ «Փալս» գիշերային վայրին դէմ զինեալ յարձակում մը կատարուեցաւ: Օրլանտոյի քաղաքապետը քաղաքին մէջ «արտակարգ դրութիւն» յայտարարեց: Զինեալը` Միացեալ Նահանգներու ծագումով աֆղան քաղաքացի Օմար Մաթին, կրակ բանալէ ետք, բազմաթիւ անձեր 3 ժամ պատանդ բռնեց, ապա սպաննուեցաւ ապահովական ուժերուն կողմէ: Դէպքը Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ յոռեգոյնն էր. ոստիկանութիւնը զայն նկատեց ահաբեկչական արարք մը:...

Ըստ «Հայաթ»-ի.  Թուրքիա Օճալանը Մեկուսարանէն Պիտի Փոխադրէ Աքսորավայր

Ըստ «Հայաթ»-ի. Թուրքիա Օճալանը Մեկուսարանէն Պիտի Փոխադրէ Աքսորավայր

Լաւատեղեակ աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնած են, որ թրքական իշխանութիւնները սկսած են Մարմարա ծովուն վրայ գտնուող Իմրալի կղզիին վրայ որդեգրելու միջոցառումներ` նախապատրաստելով Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) բանտարկուած ղեկավար Ապտալլա Օճալանը իր մեկուսարանէն դուրս բերելով յառաջիկայ ամիսներուն անոր փոխադրութիւնը աքսորավայր` Անգարայի հետ պաշտօնական երկխօսութեան առիթ ստեղծելու համար: Աղբիւրները կը նշեն, որ միջոցառումները «հանդարտեցման փորձարկման» ցուցանիշներու ծիրին մէջ են:

Իրաքեան Ուժերը  Մուտք Գործեցին Ֆալուժա

Իրաքեան Ուժերը Մուտք Գործեցին Ֆալուժա

Իրաքի Ֆալուժա քաղաքի ազատագրման գործողութիւններու հրամանատար Ապտել Ուահապ Սահատի «Սփութնիք»-ին յայտնեց, որ իրաքեան ուժերը մուտք գործած են Ֆալուժա, որ երկու տարիէ ի վեր գրաւուած էր ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ: Ան յայտնեց, որ իրաքեան բանակի, ոստիկանութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ուժերը շարք մը ճակատներէ մուտք գործած են քաղաք եւ հարաւարեւելեան Ֆալուժայի Շուհատա թաղամասը ամբողջութեամբ առած իրենց վերահսկողութեան տակ` աւելցնելով, որ  շիի Ժողովրդային զօրախումբի...

Պոլսոյ Պայթումին Պատասխանատուութիւնը Կը Ստանձնէ «Քիւրտիստանի Ազատութեան Բազէներ» Խմբակը

Պոլսոյ Պայթումին Պատասխանատուութիւնը Կը Ստանձնէ «Քիւրտիստանի Ազատութեան Բազէներ» Խմբակը

«Ա. Էֆ. Փէ.»-ն կը հաղորդէ, որ 10 յունիսին «Քիւրտիստանի ազատութեան բազէներ» խմբակը ստանձնեց 7 յունիսին Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած յարձակումին պատասխանատուութիւնը: Քրտական բանուորական կուսակցութեան նախկին անդամներէ բաղկացած խմբակին յայտարարութեան մէջ նշուած է, թէ յարձակումը հակադարձութիւն մըն էր քրտաբնակ շրջաններուն մէջ Անգարայի իշխանութեան նախաձեռնած «վայրագ յարձակումներուն»` միաժամանակ ազդարարելով օտար զբօսաշրջիկներուն, որ հեռու մնան Թուրքիայէն: Յիշեցնենք, որ 7 յունիսին տեղի ունեցած պայթումին...

Օպամա Պաշտօնապէս Կը Սատարէ Քլինթընին

Օպամա Պաշտօնապէս Կը Սատարէ Քլինթընին

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա պաշտօնապէս իր աջակցութիւնը յայտնած է Դեմոկրատական կուսակցութեան կողմէ նախագահական թեկնածութիւնը առաջադրած Հիլըրի Քլինթընին: Հրապարակուած տեսագրութեան մէջ Օպամա յայտարարեց, որ Քլինթընի նման պատրաստուած նախագահական թեկնածու չէ եղած երբեք:

Լաւրովն Ու Շթայնմայերը Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցան

Լաւրովն Ու Շթայնմայերը Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցան

Ռուսիոյ եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրովն ու Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայերը ունեցած են հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը` գերմանական կողմին նախաձեռնութեամբ: Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Նախարարները քննարկած են շարք մը միջազգային արդիական խնդիրներ` ներառեալ Սուրիոյ, Լիպիոյ եւ Ուքրանիոյ ճգնաժամերու յաղթահարման հարցերը: Անդրադարձ կատարուած է ԵԱՀԿ-ի գործունէութեան, որուն նախագահութիւնը այս տարի ստանձնած է Գերմանիան:

Եւրոպական Խորհրդարանը Դատապարտած Է Թուրքիան` Ընդդիմադիր Երեսփոխանները Անձեռնմխելիութենէ Զրկելու Որոշումին Համար

Եւրոպական Խորհրդարանը Դատապարտած Է Թուրքիան` Ընդդիմադիր Երեսփոխանները Անձեռնմխելիութենէ Զրկելու Որոշումին Համար

«Տէօչէ Վելլէ» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհրդարանը վրդոված է Թուրքիոյ ընդդիմադիր երեսփոխանները անձեռնմխելիութենէ զրկելու թրքական իշխանութիւններու որոշումէն: Բայց եւ այնպէս, կառոյցի անդամներէն միայն ոմանք կոչ կ՛ուղղեն կարծր կերպով արձագանգելու եւ դադրեցնելու Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւնները: Եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնման բանակցութիւններու հարցերով յանձնակատար Եոհաննես Հան` խօսելով Եւրոպական խորհրդարանին առջեւ, յայտարարած է, որ Եւրոպական յանձնաժողովը «լրջօրէն մտահոգուած» է Թուրքիոյ ընդդիմադիր...

Վիզեկրատի Խմբակին Համաձայն`  Եւրոպական Միութիւնը Բրիտանիոյ` Միութեան Անդամակցութեամբ Աւելի Հզօր Է

Վիզեկրատի Խմբակին Համաձայն` Եւրոպական Միութիւնը Բրիտանիոյ` Միութեան Անդամակցութեամբ Աւելի Հզօր Է

Կեդրոնական Եւրոպայի չորս երկիրներու վարչապետները յայտնեցին, որ իրենց «հասարակաց, ուժեղ եւ անկեղծ» շահերէն կը բխի յառաջիկայ հանրաքուէէն ետք Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շարունակումը: Չեխիան, Հունգարիան, Լեհաստանն ու Սլովաքիան Եւրոպական Միութեան մէջ կը կազմեն ոչ պաշտօնական խմբակ մը, որ կը կոչուի Վիզեկրատի խմբակ կամ «Վի.4»: Վիզեկրատի խմբակը կազմուած է 1991-ին` հունգարական Վիզեկրատ քաղաքի մէկ դղեակին մէջ, Չեխոսլովաքիոյ, Հունգարիոյ եւ Լեհաստանի ղեկավարներու...

Մարոքի Մէջ Քաղաքացիներուն Արգիլած Են Հրապարակային Վայրերու Մէջ Թերթ Կարդալ

Մարոքի Մէջ Քաղաքացիներուն Արգիլած Են Հրապարակային Վայրերու Մէջ Թերթ Կարդալ

«Նիուզ.ռու» կայքը կը հաղորդէ, որ Մարոքի իշխանութիւնները որդեգրած են օրէնք մը, որ կ՛արգիլէ հրապարակային վայրերու մէջ թերթ կարդալը, ինչպէս նաեւ զանոնք այդ վայրերուն մէջ ձգելը: Օրէնսդիրները այդ որոշումը որդեգրած են մարոքեան լրատուամիջոցներու այն բողոքէն ետք, թէ այդ պատճառով թերթերու վաճառքի անկում եւ եկամուտի կորուստ կ՛արձանագրուի: Թերթերու խմբագիրներու միութեան անդամները դիմած են իշխանութիւններուն` յայտարարելով, որ լրատուութեան մարզը իւրաքանչիւր տարի կը կորսնցնէ...

Միացեալ Նահանգներն Ու Եւրոպական Միութիւնը Պիտի Չխոչընդոտեն Ընկերութիւններուն Գործնական Կապերու Հաստատումը Իրանի Հետ

Միացեալ Նահանգներն Ու Եւրոպական Միութիւնը Պիտի Չխոչընդոտեն Ընկերութիւններուն Գործնական Կապերու Հաստատումը Իրանի Հետ

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպական Միութիւնը միացեալ յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնած են, որ պիտի չխոչընդոտեն ելեւմտական հիմնարկներուն եւ ընկերութիւններուն գործնական կապերու հաստատումը Իրանի հետ: Գործողութիւններու համապարփակ նախագիծի համաձայն, Եւրոպական Միութիւնն ու Միացեալ Նահանգները ջնջած են Իրանի դէմ սահմանուած տնտեսական եւ ելեւմտական պատժամիջոցները, որոնք առնչուած էին իրանեան հիւլէական ծրագիրին: «Ասոր շնորհիւ` այսօր ընկերութիւններու եւ ելեւմտական հիմնարկներու համար...

Թուրքիոյ Երեսփոխաններէն Մէկը Կ՛առաջարկէ Ռուսական Օդանաւ Մը Եւս Վար Առնել

Թուրքիոյ Երեսփոխաններէն Մէկը Կ՛առաջարկէ Ռուսական Օդանաւ Մը Եւս Վար Առնել

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն երեսփոխան Շամիլ Թայար չհանդուրժելով Եւրոպայի պասքեթպոլի լիկայի աւարտական մրցումին թրքական Ֆեներպահչէ խումբին ռուսական ԲԿՄԱ-էն կրած պարտութիւնը,  առաջարկած է ռուսական օդանաւ մը եւս վար առնել: Թուրք երեսփոխանը 101-96 արդիւնքով աւարտած մրցումէն ետք «Թուիթըր»-ի վրայ կատարած է հետեւեալ գրառումը. «Մարդ կ՛ուզէ ռուսական օդանաւ մը եւս վար առնել»: Յիշեցնենք, որ 24 նոյեմբեր 2015-ին...

Նասա. «Միջին Արեւելքի Մէջ Ընդյատակեայ Ջուրերու Պաշարներու Մակարդակը Մեծապէս Նուազած Է»

Նասա. «Միջին Արեւելքի Մէջ Ընդյատակեայ Ջուրերու Պաշարներու Մակարդակը Մեծապէս Նուազած Է»

ՆԱՍԱ-ի կատարած մէկ ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուաւ, որ Միջերկրականի արեւելեան ափի Լիբանանը, Սուրիան, Յորդանանը, Թուրքիան, Կիպրոսն ու Պաղեստինը ներառող շրջանին մէջ,  1998-էն ի վեր սկիզբ առած անձրեւներու քանակի նուազումը 9 տասնամեակներէ ի վեր ամէնէն վատն է: Ուսումնասիրութիւնը այս երաշտին պատճառը կը նկատէ մարդոց գործունէութիւնը, որ առաջնորդեց համաշխարհային ջերմացման եւ գլխաւորաբար ազդեց երկրագունդի այս հատուածին` Միջին Արեւելքին վրայ: Այդ իրողութիւնը մտահոգութիւն յառաջացուցած...

Թուրքիան Մտադիր Է Ճանչնալ Նամիպիացիներու Ցեղասպանութիւնը

Թուրքիան Մտադիր Է Ճանչնալ Նամիպիացիներու Ցեղասպանութիւնը

«Էրմանիհապեր»` յղում կատարելով «Հապերկազեթասի»-ին, կը հաղորդէ, որ 1900-ականներու սկիզբը Նամիպիոյ մէջ Գերմանիոյ կողմէ գործուած ջարդերը իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչնալու համար օրէնսդրական առաջարկ ներկայացուած է Թուրքիոյ խորհրդարանին: Օրէնսդրական առաջարկի հեղինակը իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն երեսփոխան Մեթին Քիւլիւնքն է: Առաջարկի որդեգրումին պարագային Թուրքիան 1900-ականներու սկիզբը Նամիպիոյ մէջ գերմանացիներուն գործած կոտորածը պիտի ճանչցուի իբրեւ ցեղասպանութիւն: Գերմանիան 2004-ին` Նամիպիոյ հերրերօ ցեղախումբին դէմ գործուած ջարդին...

Պոլսոյ Մէջ Ականահարումի Գործողութենէն Ետք.  Էրտողան Կը Դատապարտէ «Մարդկութեան Դէմ Յարձակում»-ը

Պոլսոյ Մէջ Ականահարումի Գործողութենէն Ետք. Էրտողան Կը Դատապարտէ «Մարդկութեան Դէմ Յարձակում»-ը

Երէկ Պոլսոյ Վեզնեճիլեր շրջանին մէջ ոստիկանական փոխադրակառքի մը ականահարումը պատճառեց 11 զոհ եւ 36 վիրաւոր: Ականահարումը Պոլսոյ մէջ 2016-ին պատահած 4-րդ պայթումն էր: Պոլսոյ կառավարիչ Վասիփ Շահին յայտնեց, որ զոհերէն 7-ն ոստիկաններ են, իսկ մնացեալ չորսը` քաղաքայիններ: Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, փոխադրակառքին մօտ ականուած ինքնաշարժ մը պայթած է: Պայթումին թիրախ դարձած փոխադրակառքը ամբողջութեամբ քանդուած է, իսկ այլ փոխադրակառք մը` վնասուած:...

«Անգարան Եւ Թել Աւիւը Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Մօտ Են»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

«Անգարան Եւ Թել Աւիւը Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Մօտ Են» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու «Թէ. Ռէ. Թէ.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Անգարան եւ Թել Աւիւը մօտ են երկկողմանի յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին համաձայնագիրի ստորագրման: «Մենք մօտ ենք Իսրայէլի հետ համաձայնագիրի կնքումին: Ատոր մնացած է 1-2 հանդիպում», յայտարարած է Չաւուշօղլու: Ըստ անոր, Թուրքիոյ համար կարեւոր է, որ Իսրայէլ վերցնէ Կազայի մարդասիրական օժանդակութեան մատակարարման կապուած խոչընդոտները:

Միացեալ Նահանգներ Մտահոգուած Են Հալէպի Մէջ Բախումներու Աճէն

Միացեալ Նահանգներ Մտահոգուած Են Հալէպի Մէջ Բախումներու Աճէն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Էլիզապեթ Թրիւտօ յայտարարած է, որ ամերիկեան իշխանութիւնները մտահոգ են Հալէպ նահանգին մէջ աճող զինեալ բախումներէն, ինչպէս նաեւ զինադադարի դրութեան վրայ անոնց ազդեցութեան հաւանականութենէն: «Հալէպի հարաւը, զինադուլի պայմաններուն համաձայն, վարչակարգը իրաւունք ունի պատասխանելու ժապհաթ Նուսրա ահաբեկչական խմբաւորման: Սակայն հիւսիսի մէջ վարչակարգի օդային յարձակումները պատճառ դարձած են կենսական նշանակութիւն ունեցող ճամբու աւերման, ինչ որ կը սպառնայ...

Ըստ «Սփութնիք»-ի.  Պալթեան Երկիրներու Ռուս Քաղաքացիները Կ՛ենթարկուին Խտրական Վերաբերմունքի

Ըստ «Սփութնիք»-ի. Պալթեան Երկիրներու Ռուս Քաղաքացիները Կ՛ենթարկուին Խտրական Վերաբերմունքի

Ռուսական «Սփութնիք» կայքը կը հաղորդէ, որ պալթեան երկիրներու ռուս քաղաքացիներուն նկատմամբ խտրական վերաբերմունք կը ցուցաբերուի` անոնց ռուսական ինքնութեան պատճառով, եւ այդ երեւոյթը նշեալ երկիրներուն մէջ վերածուած է ռուսոֆոպիայի ալիքի մը: 1990-ին Խորհրդային Միութենէն անկախացած Պալթեան երկիրներու բնակիչները իրենց ռուս համաքաղաքացիները կը նկատեն բռնագրաւողներու մնացորդներ` հակառակ անոր որ այդ ռուսերը այդտեղ ծնած եւ իրենց ամբողջ կեանքը այդտեղ ապրած են: Կայքը կը...

«Թուրքիայէն Ներումի Հայց Եւ Փոխհատուցում Կը Սպասենք»   Կ՛ըսէ Փեսքով

«Թուրքիայէն Ներումի Հայց Եւ Փոխհատուցում Կը Սպասենք» Կ՛ըսէ Փեսքով

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով` մեկնաբանելով Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի այն խօսքը, թէ Թուրքիան կ՛ուզէ վերականգնել իր յարաբերութիւնները Ռուսիոյ հետ, սակայն չի հասկնար, թէ ռուսական կողմը իրմէ ի՛նչ կը սպասէ, յայտնած է, որ Ռուսիան Թուրքիայէն ներումի հայց կը սպասէ, ինչպէս նաեւ վար առնուած «Սու-24»-ին համար եւ սպաննուած օդաչուի ընտանիքին փոխհատուցում: Փեսքով նշած է, որ...

Ռուսիա Թուրքիան Մեղադրած Է Ահաբեկիչներուն Մարտիկներ Ու Զէնք Մատակարարելու Յանցանքով

Ռուսիա Թուրքիան Մեղադրած Է Ահաբեկիչներուն Մարտիկներ Ու Զէնք Մատակարարելու Յանցանքով

Թրքական «ՏեմոքրաթՀապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ մէջ զինադուլին հետեւող ռուսական կեդրոնը յայտարարած է, որ Ռուսիան Թուրքիան կը մեղադրէ իր տարածքով ահաբեկչական Ժապհաթ Նուսրա կազմակերպութեան աւելի քան 200-է աւելի անդամները ապօրինաբար Սուրիա անցընելու եւ կառավարական ուժերուն դէմ յարձակումներ գործելու, ինչպէս նաեւ ահաբեկիչները զէնքով մատակարարելու յանցանքով: Կեդրոնին յայտարարութիւնը տեղադրուած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան կայքին վրայ: «Միջազգային ահաբեկչական Ժապհաթ Նուսրա կազմակերպութեան 200-է...

Page 786 of 882 1 … 785 786 787 … 882

Արխիւներ