«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով` մեկնաբանելով Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի այն խօսքը, թէ Թուրքիան կ՛ուզէ վերականգնել իր յարաբերութիւնները Ռուսիոյ հետ, սակայն չի հասկնար, թէ ռուսական կողմը իրմէ ի՛նչ կը սպասէ, յայտնած է, որ Ռուսիան Թուրքիայէն ներումի հայց կը սպասէ, ինչպէս նաեւ վար առնուած «Սու-24»-ին համար եւ սպաննուած օդաչուի ընտանիքին փոխհատուցում:
Փեսքով նշած է, որ այլ երկրի մը նախագահին խորհուրդ տալու իրաւունք չունի, սակայն կրնայ յիշեցնել Ռուսիոյ նախագահին խօսքերը, նաեւ Ռուսիոյ յայտարարութիւններն ու մեկնաբանութիւնները, որոնք կատարուած են տարբեր մակարդակներու վրայ:
«Նախագահը մեր օդաչուի սպանութենէն ճիշդ քանի մը օր ետք ըսած է, որ այդպիսի յարձակողական եւ դաւաճան գործողութիւններէ ետք, բնականաբար ռուսական կողմէն կը սպասէ ներումի հայց եւ կատարուածի պատճառներուն մասին բացատրութիւն ու փոխհատուցում` թէ՛ օդանաւին համար, թէ՛ ալ զոհուած օդաչուի ընտանիքին: Ատիկա ըսուած է առանց յատուկ ակնարկներու, ատիկա նոյնիսկ բաւականաչափ բացատրուած է տարբեր մակարդակներու վրայ` նախագահին գլխաւորութեամբ: Ես պարզապէս կրնամ յիշեցնել այդ խօսքերը», ըսած է ան լրագրողներուն` աւելցնելով, որ Թուրքիան այդ ուղղութեամբ մինչեւ օրս ոչ մէկ քայլ կատարած է: