
Ռուսական «Սփութնիք» կայքը կը հաղորդէ, որ պալթեան երկիրներու ռուս քաղաքացիներուն նկատմամբ խտրական վերաբերմունք կը ցուցաբերուի` անոնց ռուսական ինքնութեան պատճառով, եւ այդ երեւոյթը նշեալ երկիրներուն մէջ վերածուած է ռուսոֆոպիայի ալիքի մը:
1990-ին Խորհրդային Միութենէն անկախացած Պալթեան երկիրներու բնակիչները իրենց ռուս համաքաղաքացիները կը նկատեն բռնագրաւողներու մնացորդներ` հակառակ անոր որ այդ ռուսերը այդտեղ ծնած եւ իրենց ամբողջ կեանքը այդտեղ ապրած են:
Կայքը կը նշէ, որ այդ վերաբերմունքը միայն ժողովրդային մակարդակի վրայ չէ, այլ նաեւ կը ներառէ լրատուամիջոցներն ու պետութիւնը, եւ ռուս քաղաքացիները սկսած են այդ երկիրներուն ազգային անվտանգութեան սպառնալիք նկատուիլ` աւելցնելով, որ Գերմանիոյ նոր նացիական շարժումին օրինակով ազգայնամոլական շարժումներ սկսած են անոնց դէմ բռնարարքներ գործել:
 
			

