
50 զոհեր արձանագրուեցան եւ 53 ուրիշներ վիրաւորուեցան, երբ Օրլանտոյի մէջ «Փալս» գիշերային վայրին դէմ զինեալ յարձակում մը կատարուեցաւ: Օրլանտոյի քաղաքապետը քաղաքին մէջ «արտակարգ դրութիւն» յայտարարեց:
Զինեալը` Միացեալ Նահանգներու ծագումով աֆղան քաղաքացի Օմար Մաթին, կրակ բանալէ ետք, բազմաթիւ անձեր 3 ժամ պատանդ բռնեց, ապա սպաննուեցաւ ապահովական ուժերուն կողմէ:
Դէպքը Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ յոռեգոյնն էր. ոստիկանութիւնը զայն նկատեց ահաբեկչական արարք մը:
«Ռոյթըրզ» հաղորդեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի մօտիկ կայքի մը վրայ օգտատէր մը ստանձնած է գործողութեան պատասխանատուութիւնը:


