Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վիզեկրատի Խմբակին Համաձայն` Եւրոպական Միութիւնը Բրիտանիոյ` Միութեան Անդամակցութեամբ Աւելի Հզօր Է

June 10, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

UK-EU_60916

Կեդրոնական Եւրոպայի չորս երկիրներու վարչապետները յայտնեցին, որ իրենց «հասարակաց, ուժեղ եւ անկեղծ» շահերէն կը բխի յառաջիկայ հանրաքուէէն ետք Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շարունակումը:

Չեխիան, Հունգարիան, Լեհաստանն ու Սլովաքիան Եւրոպական Միութեան մէջ կը կազմեն ոչ պաշտօնական խմբակ մը, որ կը կոչուի Վիզեկրատի խմբակ կամ «Վի.4»: Վիզեկրատի խմբակը կազմուած է 1991-ին` հունգարական Վիզեկրատ քաղաքի մէկ դղեակին մէջ, Չեխոսլովաքիոյ, Հունգարիոյ եւ Լեհաստանի ղեկավարներու վեհաժողովին ընթացքին: 1993-ին Չեխոսլովաքիոյ անկախացումէն ետք, Չեխիան եւ Սլովաքիան դարձան խմբակի անջատ ու անկախ անդամներ եւ խմբակի անդամներուն թիւը բարձրացաւ 4-ի: Խմբակին բոլոր անդամներն ալ 2004-ին միացան Եւրոպական Միութեան:

«Վի. 4» խմբակին նպատակն է բոլոր երկիրներուն միջեւ, մասնաւորաբար իր դրացի երկիրներուն հետ առաւելագոյն գործակցութեան քաջալերումը, իսկ մեծագոյն հետաքրքրութիւնը Եւրոպայի ամբողջ տարածքին մէջ ժողովրդավարութեան զարգացումն է:

Խմբակի այժմու նախագահն է Չեխիան: 1 յուլիսին խմբակի միամեայ նախագահութիւնը պիտի ստանձնէ Լեհաստան:

Չեխիոյ վարչապետ Պոհուսլաւ Սոպոթքա Փրակի մէջ խմբակին եռօրեայ վեհաժողովէն ետք յայտնեց, որ ինք կը հաւատայ, թէ Եւրոպական Միութեան ու Բրիտանիոյ համար հոյակապ պիտի ըլլայ, եթէ բրիտանացիները քուէարկեն ի նպաստ Միութեան անդամակցութեան շարունակման: «Անոնց մեկնումը կը տկարացնէ ամբողջ Եւրոպական Միութիւնը», նշեց ան:

Բրիտանիոյ մէջ երկրին Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան ապագային շուրջ հանրաքուէն տեղի պիտի ունենայ 23 յունիսին:

Նախորդը

Մարոքի Մէջ Քաղաքացիներուն Արգիլած Են Հրապարակային Վայրերու Մէջ Թերթ Կարդալ

Յաջորդը

Պասպուս. «Մենք Պատրաստ Ենք Պահպանելու Երկրին Եւ Քաղաքացիին Անվտանգութիւնը»

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.