
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու «Թէ. Ռէ. Թէ.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Անգարան եւ Թել Աւիւը մօտ են երկկողմանի յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին համաձայնագիրի ստորագրման:
«Մենք մօտ ենք Իսրայէլի հետ համաձայնագիրի կնքումին: Ատոր մնացած է 1-2 հանդիպում», յայտարարած է Չաւուշօղլու:
Ըստ անոր, Թուրքիոյ համար կարեւոր է, որ Իսրայէլ վերցնէ Կազայի մարդասիրական օժանդակութեան մատակարարման կապուած խոչընդոտները:
 
			

