Ռուսիոյ եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրովն ու Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայերը ունեցած են հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը` գերմանական կողմին նախաձեռնութեամբ: Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Նախարարները քննարկած են շարք մը միջազգային արդիական խնդիրներ` ներառեալ Սուրիոյ, Լիպիոյ եւ Ուքրանիոյ ճգնաժամերու յաղթահարման հարցերը:
Անդրադարձ կատարուած է ԵԱՀԿ-ի գործունէութեան, որուն նախագահութիւնը այս տարի ստանձնած է Գերմանիան: