
Երէկ Պոլսոյ Վեզնեճիլեր շրջանին մէջ ոստիկանական փոխադրակառքի մը ականահարումը պատճառեց 11 զոհ եւ 36 վիրաւոր: Ականահարումը Պոլսոյ մէջ 2016-ին պատահած 4-րդ պայթումն էր:
Պոլսոյ կառավարիչ Վասիփ Շահին յայտնեց, որ զոհերէն 7-ն ոստիկաններ են, իսկ մնացեալ չորսը` քաղաքայիններ: Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, փոխադրակառքին մօտ ականուած ինքնաշարժ մը պայթած է: Պայթումին թիրախ դարձած փոխադրակառքը ամբողջութեամբ քանդուած է, իսկ այլ փոխադրակառք մը` վնասուած:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հիւանդանոցի մէջ վիրաւորներուն այցելելէ ետք յայտնեց. «Մեզի հետ միեւնոյնն է, թէ անոնք քաղաքայիններո՞ւ, ոստիկաններո՞ւ, թէ՞ ապահովական մարմիններու դէմ յարձակում կը գործեն: Ի վերջոյ անոնք, որոնք կը նահատակուին, մարդկային էակներ են: Այս յարձակումները մարդկութեան դէմ են(…): Մենք չենք կրնար ներել: Ուստի պիտի շարունակենք այդ ահաբեկիչներուն դէմ պայքարիլ, անխոնջ կերպով, առանց վհատելու»:
Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց «Թուիթըր»-ի վրայ կատարած գրառումի մը ճամբով դատապարտեց «ահաբեկչական յարձակում»-ը եւ ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերուն համար:


