Միջազգային

Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն Դուրս Գալու Կողմնակիցներուն Թիւը Կը Գերազանցէ Կողմնակիցներուն Թիւը

Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն Դուրս Գալու Կողմնակիցներուն Թիւը Կը Գերազանցէ Կողմնակիցներուն Թիւը

ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու կողմնակիցներուն թիւը ներկայիս 2-4 առ հարիւրով կը գերազանցէ այս քայլին հակառակորդներուն թիւը: Այդ մասին կը վկայեն հասարակական կարծիքի հարցախոյզի 6 յունիսին հրապարակուած տուեալները, որոնք «ԵուԿով» եւ «Թի.Էն.Էս.» ընկերային ծառայութիւնները կատարած են այս ամիս Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ հանրաքուէի նախօրեակին: «ԵուԿով»-ի տուեալներով` ներկայիս հարցախոյզի մասնակիցներուն 45 առ հարիւրը պատրաստ է պաշտպանելու Եւրոպական...

Սուրիական Բանակը Մտաւ Ռաքքա Նահանգ

Սուրիական Բանակը Մտաւ Ռաքքա Նահանգ

Սուրիական բանակը անցած է Ռաքքա նահանգին սահմանը: Այս մասին կը հաղորդէ Լոնտոնի մէջ գտնուող Մարդու իրաւունքներու սուրիական կեդրոնը: Սուրիական բանակը Ռաքքա նահանգ մտած է ռուսական զինուորական օդուժի հարուածներուն օժանդակութեամբ: Հաղորդուած տեղեկութիւններուն համաձայն, ուրբաթ օր ռուսական օդուժը ուժգին կերպով հարուածներ հասցուցած է Համա նահանգին, որ նոյնպէս կը գտնուի ՏԱՀԵՇ-ի վերահսկողութեան տակ:

Զուիցերիացիք Մերժեցին Երաշխաւորուած Եկամուտի Դրութեան Որդեգրումը

Զուիցերիացիք Մերժեցին Երաշխաւորուած Եկամուտի Դրութեան Որդեգրումը

Զուիցերիոյ մէջ երէկ տեղի ունեցած հանրաքուէի նախնական արդիւնքներուն համաձայն, Զուիցերիոյ քաղաքացիներուն 78 առ հարիւրը «ոչ» քուէարկած է երկրի իւրաքանչիւր քաղաքացիի երաշխաւորուած եկամուտի դրութեան որդեգրման, իսկ կիրակի օրուան հանրաքուէի երկրորդ հարցը` ապաստանի տրամադրման հոլովոյթի հունաւորումն ու արագացումը վաւերացուած է, ստանալով քուէներուն 66 առ հարիւրը: Հանրաքուէն երկրէն դուրս եւս մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած է, որովհետեւ այլ երկիրներ, ներառեալ Ֆինլանտան կը քննարկեն նոյնպիսի ծրագիրներ:...

Էրտողան. «Իսրայէլ Համաձայն Է Թուրքիոյ Ճամբով Կազայի Ելեկտրականութեան Մատակարարման»

Էրտողան. «Իսրայէլ Համաձայն Է Թուրքիոյ Ճամբով Կազայի Ելեկտրականութեան Մատակարարման»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ ընթացող թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններու բնականոնացման նպատակով բանակցութիւններուն ընթացքին, Իսրայէլ համաձայն գտնուած է Թուրքիոյ ճամբով Կազայի ելեկտրականութեան ու շինանիւթի մատակարարման: Էրտողան նշեց, որ Կազա կարիքը ունի ելեկտրականութեան, ջուրի եւ վերակառուցման համար շինանիւթի, «եւ Իսրայէլ համաձայն գտնուեցաւ Թուրքիոյ ճամբով զանոնք Կազա մատակարարելու»` նշելով, որ այժմ գնդակը կը գտնուի իսրայէլեան նոր կառավարութեան դաշտը եւ...

Աշխարհահռչակ Բռնցքամարտիկ Մոհամետ Ալի Քլէյ Մահացաւ

Աշխարհահռչակ Բռնցքամարտիկ Մոհամետ Ալի Քլէյ Մահացաւ

Աշխարհահռչակ բռնցքամարտիկ Մոհամետ Ալի Քլէյ շաբաթ օր մահացաւ Միացեալ Նահանգներու հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ: 74 տարեկան բռնցքամարտիկը վերջերս հիւանդանոց մուտք գործած էր շնչառական խնդիրներու պատճառով: Ան վերջին տարիներուն յաճախ մուտք գործած է հիւանդանոց, սակայն այս անգամ բժիշկները չյաջողեցան փրկել անոր կեանքը: Ալի համաշխարհային բռնցքամարտի վառ աստղերէն է եւ ճանչցուած է նաեւ իբրեւ 20-րդ դարու լաւագոյն մարզիկ: Բուն անունով Քասիուս Քլէյ ան...

Ռուսիա ՕԹԱՆ-ի Գործողութիւնները Սանձելու Համար «Արեւմտեան Ճակատ»-ի Վրայ Տեղադրած Է Յաւելեալ Ուժեր

Ռուսիա ՕԹԱՆ-ի Գործողութիւնները Սանձելու Համար «Արեւմտեան Ճակատ»-ի Վրայ Տեղադրած Է Յաւելեալ Ուժեր

«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ «Արեւմտեան ճակատ»-ին վրայ գտնուող ուժերը ամրապնդուած են ցամաքային ուժերու յաւելեալ երկու զօրամասերով: Լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ այդ միջոցառումը կարելի է նկատել Ռուսիոյ սահմաններուն մօտ ՕԹԱՆ-ի գործողութիւններու աշխուժացման պատասխան քայլ մը:

Ռուսիոյ, Իրանի Եւ Ազրպէյճանի Նախագահներու Միջեւ Հանդիպում Մը Կը Նախապատրաստուի

Ռուսիոյ, Իրանի Եւ Ազրպէյճանի Նախագահներու Միջեւ Հանդիպում Մը Կը Նախապատրաստուի

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով հաստատած է, որ տարւոյն երկրորդ կիսու սկիզբը Ռուսիոյ, Իրանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներ Վլատիմիր Փութին, Հասան Ռուհանի եւ Իլհամ Ալիեւ Պաքուի մէջ պիտի ունենան հանդիպում մը: «Այո՛ այդպիսի հանդիպման համար պատրաստութիւն կը տարուի, եւ երբ թուականներուն շուրջ վերջնական համաձայնութիւն գոյանայ, եւ անոնք հաստատուին, մենք պիտի յայտարարենք այդ մասին», ըսած է Փեսքով:

Յարձակում «Եու. Սի. Էլ. Էյ.» Համալսարանին Մէջ

Յարձակում «Եու. Սի. Էլ. Էյ.» Համալսարանին Մէջ

Ամերիկեան ոստիկանութիւնը կը հաղորդէ, թէ երէկ Քալիֆորնիոյ «Եու. Սի. Էլ. Էյ.» համալսարանին մէջ յարձակում մը կատարուած է, որուն հետեւանքով սպաննուած են երկու անձեր: Ըստ Լոս Անճելըսի ոստիկանապետ Չարլի Պեքի, կատարուածը անձնասպանական գործողութիւն էր: Երկու անձեր սպաննուած գտնուած են համալսարանի ճարտարապետական բաժանմունքին մէջ: Այժմ վիճակը կայուն է համալսարանին մէջ:

Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարը Մեկնած Է Թուրքիա

Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարը Մեկնած Է Թուրքիա

«Հապերլեր» կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով 30 մայիսին ազրպէյճանական պատուիրակութեան մը հետ մեկնած է Թուրքիա` ներկայ գտնուելու համար Իզմիրի մէջ «Էֆեշ-2016» միջազգային ռազմափորձերու փակումին: 15 մայիսին սկիզբ առած ռազմափորձերուն կը մասնակցին 9 երկիրներու զինուորական պատուիրակութիւններ: Ազրպէյճան ռազմափորձին կը մասնակցի 30 հոգինոց անձնակազմով: Ռազմափորձերը պիտի աւարտին այսօր: Ռազմափորձերուն ներկայ գտնուած են նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, նոր...

Քուրթուլմուշ Կը Պատասխանէ Քամերոնի.  «Թուրքիոյ Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութիւնը Հարցականի Տակ Է»   Կ՛ըսէ Շուլց

Քուրթուլմուշ Կը Պատասխանէ Քամերոնի. «Թուրքիոյ Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութիւնը Հարցականի Տակ Է» Կ՛ըսէ Շուլց

«Քորրեսփոնտենթ» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց գերմանական «Վելթ ամ Մոննթակ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին հարցականի տակ դրած է Թուրքիոյ հետ հոկտեմբեր 2016-էն սկսեալ առանց մուտքի արտօնագիրի դրութեան սահմանումը: Ան յայտնած է, որ Պրիւքսէլ կը սպասէ, որ մինչեւ Անգարայի հետ մուտքի արտօնագիրի դրութեան ազատականացման մասին Եւրոպական Միութեան որոշումին որդեգրումը, Թուրքիան յառաջընթաց ցոյց տայ տուեալներու եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի...

Տերսիմի Մէջ 11 Շրջան Անվտանգութեան Գօտի Յայտարարուած Է

Տերսիմի Մէջ 11 Շրջան Անվտանգութեան Գօտի Յայտարարուած Է

Թրքական «Տեմոքրաթ Հապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ ներկայիս Թուրքիոյ տարածքին մէջ գտնուող հայկական Տերսիմի 11 շրջան 15 օրով անվտանգութեան գօտի յայտարարուած է: Նահանգապետարանին կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ նշուած են շրջաններուն անունները: Քաղաքացիներուն յորդորած են զգուշ ըլլալ, դադարի համար երկար չկանգնիլ ճամբաները, պարտիզագնացութիւն չկատարել:

«Թուրքիոյ Համար Եւրոպական Միութիւնը Միակ Ընտրանքը Չէ»   Կ՛ըսէ Չելիք

«Թուրքիոյ Համար Եւրոպական Միութիւնը Միակ Ընտրանքը Չէ» Կ՛ըսէ Չելիք

Թրքական «ՏեմոքրաթՀապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ 65-րդ կառավարութեան մէջ Եւրոպական Միութեան հարցերով նոր նշանակուած նախարար Էօմեր Չելիք` անդրադառնալով Եւրոպական Միութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ ստեղծուած լարուած յարաբերութիւններուն, յայտարարած է, որ Թուրքիոյ համար Եւրոպական Միութիւնը միակ ընտրանքը չէ: «Ներկայ պահուն Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն մէջ զգայուն կէտի վրայ կը գտնուինք: Եւրոպական Միութիւնը պէտք չէ երկակի չափանիշեր կիրարկէ Թուրքիոյ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի օրէնքի...

ԵԱՀԿ-ն Կը Դատապարտէ Թուրքիոյ Մէջ Երեսփոխաններու Անձեռնմխելիութեան Ջնջման Վերաբերող Սահմանադրական Փոփոխութեան Որդեգրումը

ԵԱՀԿ-ն Կը Դատապարտէ Թուրքիոյ Մէջ Երեսփոխաններու Անձեռնմխելիութեան Ջնջման Վերաբերող Սահմանադրական Փոփոխութեան Որդեգրումը

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Իլքա Քանեւրա եւ ԵԱՀԿ-ի ժողովրդավարական հիմնարկներու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի տնօրէն Մայքըլ Ճորճ Լինք մտահոգութիւն յայտնած են Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ որդեգրուած սահմանադրական փոփոխութեան գծով, որ կը նախատեսէ ջնջել անձեռնմխելիութիւնը այն երեսփոխաններու, որոնց վերաբերող հետաքննութիւն կը կատարէ դատարանը: Յայտարարութեան մէջ Քանեւրա ընդգծած է, որ երեսփոխաններու անձեռնմխելիութիւնը կը հանդիսանայ ազատ գործելու երաշխիք, մինչդեռ ատոր...

«Թուրքիան Պէտք Է Կատարէ Բոլոր Համաձայնութիւնները` Եւրոպական Միութեան Հետ Ազատ Մուտքի Արտօնագիրի Անցնելու Համար»   Ըսաւ Մերքել

«Թուրքիան Պէտք Է Կատարէ Բոլոր Համաձայնութիւնները` Եւրոպական Միութեան Հետ Ազատ Մուտքի Արտօնագիրի Անցնելու Համար» Ըսաւ Մերքել

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել Պոլսոյ մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ բանակցութիւններու աւարտին յայտարարած է, որ Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը պէտք է կատարէ նախապէս Եւրոպական Միութեան նշած բոլոր կէտերը` մուտքի արտօնագիրի դրութեան ազատականացման համար, այլապէս այդ երկրին եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ մուտքի արտօնագիրի դիւրացումը ուժի մէջ պիտի չմտնէ: «Ես հասկցուցած եմ, որ դէպի ազատ մուտքի...

Ժաաֆարի. «Սուրիոյ Մէջ Ահաբեկչական Զինեալները Կը Գործեն Սէուտական Արաբիոյ, Թուրքիոյ Եւ Քաթարի Թելադրանքով»

Ժաաֆարի. «Սուրիոյ Մէջ Ահաբեկչական Զինեալները Կը Գործեն Սէուտական Արաբիոյ, Թուրքիոյ Եւ Քաթարի Թելադրանքով»

«Վեսթի» կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Պաշշար Ժաաֆարի յայտնած է, որ Ժապհաթ Նուսրա եւ Ահրար Շամ ահաբեկչական խմբաւորումներու զինեալները կը գործեն Սէուտական Արաբիոյ, Թուրքիոյ եւ Քաթարի արմատական վարչակարգերուն թելադրանքով: Ժաաֆարի ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին եւ Ապահովութեան խորհուրդի նախագահին յղած իր նամակին մէջ յայտնած է, որ 12 մայիս 2016-ին նշեալ խմբաւորումներուն ահաբեկիչները յարձակած են Համա նահանգին մէջ գտնուող Զարա...

Թարթուսի Եւ Ժապլէի Մէջ Ականահարումներ Աւելի Քան 100 Զոհ Պատճառեցին

Թարթուսի Եւ Ժապլէի Մէջ Ականահարումներ Աւելի Քան 100 Զոհ Պատճառեցին

ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ երեք ականահարումներ հարուածած են Թարթուս քաղաքը, ուր արձանագրուեցան աւելի քան 80 զոհ: Իսկ Լաթաքիոյ գիւղական շրջանի Ժապլէ քաղաքին մէջ միաժամանակ երկու ականահարումներ տեղի ունեցած են: Թարթուսը հարուածած ականահարումները Սուրիոյ տագնապին սկիզբէն ի վեր իրենց տեսակին մէջ առաջինն էին: Ժապլէն եւ Թարթուսը հարուածած ականահարումները հաւասարապէս թիրախ դարձուցին փոխադրակառքերու կայարաններ: Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զողպի մեկնաբանելով ականահարումները...

Թուրքիա Կը Սպառնայ Խզել Եւրոպական Միութեան Հետ Բոլոր Համաձայնագիրները

Թուրքիա Կը Սպառնայ Խզել Եւրոպական Միութեան Հետ Բոլոր Համաձայնագիրները

Թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ.Հապեր» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահի խորհրդական Եիղիթ Պուլութ յայտարարած է, որ Թուրքիան կրնայ դադրեցնել Եւրոպական Միութեան հետ իր բոլոր համաձայնագիրները, ներառեալ անոնք,  որոնք կը վերաբերին մաքսային միութեան, եթէ Պրիւքսէլ Անգարայի հետ բանակցութիւններուն մէջ շարունակէ երկակի չափանիշերու քաղաքականութիւնը: Թուրքիան Եւրոպական Միութեան հետ մաքսային միութեան համաձայնագիրը ստորագրած է 1996-ին: Վերջերս Անգարան կը փորձէ իրեն ձեռնտու կերպով վերատեսութեան ենթարկել...

«Ռուսիա Սուրիական Վարչակարգին Հետ Գործակցելով Իր Ոճրային Արարքներուն Արդէն Իսկ Մեծ Ցանկը Կը Հարստացնէ»   Կ՛ըսէ Պիլկիչ

«Ռուսիա Սուրիական Վարչակարգին Հետ Գործակցելով Իր Ոճրային Արարքներուն Արդէն Իսկ Մեծ Ցանկը Կը Հարստացնէ» Կ՛ըսէ Պիլկիչ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թանժու Պիլկիչ յայտարարեց, որ «Ռուսիան Պաշշար Ասատի վարչակարգին կողքին կը ռմբակոծէ սուրիացիները եւ զանոնք սովի վտանգի կ՛ենթարկէ, իսկ անոր արտաքին գործոց նախարարութիւնը մերթ ընդ մերթ Անգարայի հասցէին մոլորեցնող պնդումներ կը կատարէ»` աւելցնելով, որ այդ պնդումները սուտ եւ շինծու են: «Ռուսիա իր ոճրային արարքներուն արդէն իսկ մեծ ցանկը կը հարստացնէ, երբ հիւանդանոցներն ու գաղթականներու ճամբարները կը...

«Թուրքիան Էրտողանի Գլխաւորութեամբ Մէկ Մարդու Պետութիւն Ստեղծելու Ճամբուն Վրայ Է»   Կ՛ըսէ Շուլց

«Թուրքիան Էրտողանի Գլխաւորութեամբ Մէկ Մարդու Պետութիւն Ստեղծելու Ճամբուն Վրայ Է» Կ՛ըսէ Շուլց

«Տէօչէ Վելլէ» կը գրէ, որ Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հանդիպումին նախօրեակին քննադատած է Անգարան: Շուլց յայտնած է, որ Թուրքիոյ մէջ «եւրոպական արժէքներէն կտրուկ հեռացում» կը նկատուի: «(Գերմանիոյ) վարչապետը, ինչպէս նաեւ եւրոպական այլ կառավարութիւններու ղեկավարներ պէտք է Թուրքիոյ նախագահին յստակ ըսեն, որ անոր քաղաքականութիւնը չի համապատասխաներ եւրոպական հիմնարար արժէքներուն եւ...

Պիելոռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Կը Յայտարարէ. «Մենք Չենք Պատրաստուիր Եւրոպական Միութեան Հետ Յարաբերութիւններ Կառուցելու` Ի Վնաս Ռուսիոյ»

Պիելոռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Կը Յայտարարէ. «Մենք Չենք Պատրաստուիր Եւրոպական Միութեան Հետ Յարաբերութիւններ Կառուցելու` Ի Վնաս Ռուսիոյ»

Պիելոռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Վլատիմիր Մաքէյ պիելոռուսական «Օ.Էյչ.Թի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Պիելոռուսիան չի պատրաստուիր Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններ կառուցելու` ի վնաս Ռուսիոյ եւ ԱՊՀ-ի հետ յարաբերութիւններուն: «Մենք միշտ կ՛ըսենք մեր եւրոպացի, ամերիկացի եւ միւս գործընկերներուն, որ երբեք յարաբերութիւններ պիտի չկառուցենք այս կամ այն պետութեան կամ այս կամ այն համարկման կառոյցին հետ` ի վնաս մեր...

Page 787 of 882 1 … 786 787 788 … 882

Արխիւներ