Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փութինի Հետ Իր Հանդիպումը Այս Ամսուան Վերջաւորութեան Կամ Օգոստոսին Նախատեսելով. «Թուրքիոյ Հարցը Եգիպտոսը Իշխողին Հետ Է Եւ Ոչ Թէ` Եգիպտացի Ժողովուրդին» Կ՛ըսէ Էրտողան

Յուլիս 6, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Erdogan_70516

«Անատոլու» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ յայտնեց, որ Թուրքիան եգիպտացի ժողովուրդին հետ հարց չունի: «Եգիպտոսի հետ խնդիրը անոր ղեկավարութեան հետ, մասնաւորաբար անոր իշխողին հետ հարց մըն է», ըսաւ ան:

Էրտողան նաեւ խոստացաւ, որ վերջերս արձանագրուած յարձակումներէն ետք, Անգարա «պիտի աւելցնէ ահաբեկչութեան դէմ իր պայքարի կշռոյթը»: «Մինչեւ այն ատեն, որ միութիւնն ու եղբայրութիւնը կը շարունակուին, անպայման որ այս ահաբեկչութիւնը պարտութեան պիտի մատնենք», յայտարարեց ան:

Էրտողան մէկ օր առաջ խոստացած էր շրջանին մէջ «խաղաղութեան շրջանակը» ընդլայնել` շարունակելով դրացիներու եւ աւելի հեռաւոր երկիրներու հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու ջանքերը:

«Մենք այս համաշխարհային այլափոխման հոլովոյթը պիտի հասցնենք իր աւարտին եւ անկէ աւելի հզօր դուրս պիտի գանք: Մենք Իսրայէլի եւ Ռուսիոյ հետ մեր յարաբերութիւնները կը բարելաւենք… մենք կը վերականգնենք լարուած յարաբերութիւնները եւ կը յաղթահարենք սուրիական հարցի, ահաբեկչութեան եւ արհեստական լարուածութիւններու պատճառով յառաջացած տագնապները», ըսաւ ան Ֆիթրի տօնին առիթով պատգամի մը մէջ:

«Մենք մեր ճամբուն վրայ գտնուող պատուարները մէկ առ մէկ կը վերցնենք», ըսաւ ան:

Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ 4 յուլիսին իր կարգին ըսաւ. «Մենք կ՛ընդլայնենք բարեկամութեան շրջանակը, մեր շուրջը կ՛ամրապնդենք խաղաղութեան շրջանակը` բարձրացնելու համար Թուրքիոյ վարկը»:

«Մենք վճռական ենք զարգացնելու մեր իրապաշտ, բարեկամական եւ խաղաղ յարաբերութիւնները Ռուսիոյ, Իսրայէլի, Եգիպտոսի, Սուրիոյ, Իրաքի, Իրանի, Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներուն հետ: Պիտի շարունակենք այդ մէկը կատարել», ընդգծեց ան:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ նաեւ յայտնեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ իր հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ յուլիսին կամ օգոստոսին: «Սոչիի մէջ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին ընթացքին երկու երկիրներուն նախագահներուն հանդիպումին կարեւորութեան համակարծիք գտնուեցանք, եւ հաւանական է, որ հանդիպում տեղի ունենայ այս ամսուան վերջաւորութեան կամ օգոստոսին` Քսաններու վեհաժողովէն առաջ»:

 

 

Նախորդը

«Անգարա Կը Սպասէ Մոսկուայի Պատժամիջոցներու Ջնջման, Սակայն Կը Պնդէ Ասատի Հրաժարականին Վրայ» Ըսաւ Չաւուշօղլու

Յաջորդը

Քատիրով Կոչ Կ՛ուղղէ Թուրքիոյ Յանձնելու Չեչեն Ահաբեկիչները

RelatedPosts

Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Ռուպիօ Իրաքի Վարչապետին Շեշտեց Իրանի Աջակցութիւնը Վայելող Միլիսներու Զինաթափման Անհրաժեշտութիւնը
Միջազգային

Ռուպիօ. «Իսրայէլի Այսրյորդանանը Կցելու Ծրագիրները Կը Վտանգեն Կազայի Զինադադարի Համաձայնութիւնը»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Եւրոպական Միութիւն. «Սուրիոյ Մէջ Համայնքային  Բռնարարքներու Վերաբերեալ Արդարացի  Մտավախութիւններ Գոյութիւն Ունին»
Միջազգային

Եւրոպական Միութիւնը Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցներու 19-րդ Թղթածրարը Որդեգրեց

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?