Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ «ներքին պատերազմին մէջ արտակարգ վրիպումէ մը ետք ապահովական պատին մօտ ինկած կրակոցի» մը պատճառով` իսրայէլեան օդուժը յարձակում գործած է սուրիական բանակի երկու դիրքերու վրայ:
Իսրայէլեան բանակի բանբերը յայտարարեց, որ ապահովական պատին մօտ ռումբեր իյնալուն պատճառով շրջանի բնակչութեան շարքերուն մէջ վնասներ չեն արձանագրուած:
Իսրայէլեան բանակը նշեց, որ Սուրիոյ մէջ կռիւներուն չի միջամտեր, սակայն վճռակամ է հակադարձելու որեւէ արտակարգ դէպքի: