
ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, որ Ռուսիան խոստացած է ջնջել Թուրքիոյ դէմ հաստատած իր պատժամիջոցները, որոնք հաստատուած էին Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու վատթարացումէն ետք, եւ այժմ Անգարայի մէջ կը սպասեն այդ սահմանափակումներու ջնջման` երկու երկիրներուն միջեւ կապերու վերահաստատման ծիրին մէջ:
«Մենք յղած ենք նամակ, որ բաւական օգտակար եղած է մեր յարաբերութիւններու բարելաւման համար: Մենք մեր ցաւակցութիւնը յայտնած ենք ռուս ժողովուրդին եւ վար առնուած ռուսական «Սու-24» օդանաւի օդաչուի ընտանիքին: Այժմ կարեւորը այն է, թէ մենք ինչպէս պիտի ամրապնդենք մեր յարաբերութիւնները: Ռուսիան ըսած է, որ պիտի ջնջէ բոլոր պատժամիջոցները», ըսած է նախարարը:
Միեւնոյն ժամանակ Չաւուշօղլուն ընդունած է, որ Անգարայի դիրքորոշումը սուրիական հարցին վերաբերեալ կը մնայ անփոփոխ: Թրքական կողմը կը պահանջէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հրաժարականը:


