
Սէուտական Արաբիոյ Ժետտա քաղաքին մէջ Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսարանին մօտ անծանօթ մը ինքզինք պայթեցուց` վիրաւորելով ապահովական ուժերու երկու անդամներ:
Սէուտական Արաբիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ անձի մը շարժումները ապահովական ուժերուն մօտ կասկածներ յառաջացուցած են, եւ երբ այդ ուժերուն մէկ անդամը անոր մօտեցած է զինք կանգնեցնելու համար, սակայն ան ինքզինք պայթեցուցած է:
Կասկածեալը իր ինքնաշարժով ընթացած էր դէպի դիւանագիտական ներկայացուցչութեան մօտ գտնուող մզկիթի մը կողմը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնեց, որ իր երկիրը դէպքին շուրջ յաւելեալ տեղեկութիւններ ապահովելու համար հաղորդակցութեան մէջ է սէուտական իշխանութիւններուն հետ:
Նշենք, որ դէպքը պատահեցաւ Միացեալ Նահանգներու անկախութեան տօնին նշման օրը:


