«Անգարա Կրնայ Արտօնել, Որ Ռուսիան
Օգտագործէ Ինճիրլիքի Ռազմակայանը»
Ըսաւ Չաւուշօղլու
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը կրնայ տեղի ունենալ նախատեսուածէն շուտ:
«Ամենայն հաւանականութեամբ յուլիսի վերջաւորութեան կամ օգոստոսի սկիզբը Էրտողանի եւ Փութինի միջեւ հանդիպում տեղի պիտի ունենայ», ըսած է թրքական դիւանագիտութեան պետը` յիշեցնելով, որ նախապէս ծրագրուած էր, որ երկու նախագահները հանդիպին սեպտեմբերին` Չինաստանի մէջ Քսաններու ղեկավարներու հանդիպումին ընթացքին:
Չաւուշօղլու անդրադարձած է Ռուսիոյ հետ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարելու պատրաստակամութեան: «ՏԱՀԵՇ-ի դէմ մենք բոլորին հետ համագործակցութեան մէջ ենք: Տեղեակ էք, որ Ինճիրլիքի ռազմակայանը բացած ենք բոլոր անոնց համար, որոնք ՏԱՀԵՇ-ի դէմ աշխուժ պայքար կը մղեն: Ինչո՞ւ նոյնը չընենք Ռուսիոյ հետ», ըսաւ Չաւուշօղլու:
«Անգարա կրնայ արտօնել, որ Ռուսիան օգտագործէ Ինճիրլիքի օդուժի ռազմակայանը», ըսաւ ան:
Քրեմլին ողջունեց Ռուսիոյ օդուժին դիմաց Ինճիրլիքի ռազմակայանը բանալու Թուրքիոյ պատրաստակամութիւնը:
Աւելի ուշ, Չաւուշօղլու հերքեց, թէ խօսած է ռուսական պատերազմական օդանաւերուն առջեւ Իճիրլիքի ռազմակայանը բանալու մասին` աւելցնելով, որ Թուրքիա պատրաստ է ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարելու համար գործակցելու բոլոր երկիրներուն հետ, ներառեալ Ռուսիոյ:



