
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շաբաթ օր յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ «աւելի ահաբեկչական է քան ՏԱՀԵՇ-ը»: Ան Ասատը ամբաստանեց Սուրիոյ 600 հազար քաղաքացիներու սպանութեան` աւելցնելով, որ Ասատ «ներկայիս Սուրիոյ մէջ ընթացող պատերազմին գլխաւոր պատճառն է»:
Էրտողան Սուրիոյ սահմանամերձ Քիլիս կատարած իր այցելութեան ընթացքին ըսած է, որ իր կառավարութիւնը սուրիացի գաղթականներուն պիտի արտօնէ մնալ Թուրքիա եւ անոնց երկրին քաղաքացիութիւնը պիտի շնորհէ:
Էրտողան ընդգծեց, որ Սուրիոյ թղթածրարին եւ սուրիական կառավարութեան նկատմամբ թրքական պաշտօնական կեցուածքը չէ փոխուած:
«Գոյութիւն ունին կառավարութիւններ, որոնք ՏԱՀԵՇ-ին եւ Սուրիոյ մէջ քիւրտ զինեալներուն կ՛աջակցին` այդտեղ ժողովրդավարութեան հաստատումը կանխարգիլելու եւ շրջանի մէջ իրենց օրակարգերը գործադրելու համար»:
Էրտողան երէկ Պոլսոյ «Աթաթուրք» օդակայանին մէջ պայթումի վայր այցելութեան ընթացքին դարձեալ կրկնեց, որ իր երկիրը մտադիր է Թուրքիոյ մէջ բնակող սուրիացի տեղահանուածներուն քաղաքացիութիւն շնորհել` աւելցնելով, որ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը այդ առնչութեամբ քայլերու ձեռնարկած է:
Թուրքիոյ նախագահը նաեւ յայտնեց, որ Պոլսոյ օդակայանին դէմ յարձակումի հարցով ՏԱՀԵՇ-ի 20 անդամներ, որոնց մեծամասնութիւնը օտարահպատակներ են, կը շարունակեն կալանքի տակ մնալ:


