Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պրեքզիթ»-ի Հարցով. Առանց Խորհրդարանի Համաձայնութեան Լիզպոնի 50-րդ Յօդուածի Կիրարկումը Բացառելու Քայլեր

July 5, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

UK-EU_70416

Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն յայտնեց, որ վարչապետի պաշտօնէն հրաժարելէ առաջ Լիզպոնի ուխտի 50-րդ յօդուածի կիրարկումը պիտի չլիազօրէ:

Յանուն խումբ մը գործարարներու եւ ակադեմականներուն գործով փաստաբանական Միշքոն տէ Ռէյա ընկերութիւնը դիմած է քայլերու` ապահովելու համար, որ Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու պաշտօնական հոլովոյթը ընթացք չառնէ առանց խորհրդարանի համաձայնութեան: Փաստաբանները կը նշեն, որ վարչապետի մը համար անօրինական պիտի ըլլայ 50-րդ յօդուածի կիրարկումը լիազօրել առանց խորհրդարանին մէջ ամբողջական քննարկումի եւ քուէարկութեան:

Ընկերութենէն Քասրա Նուրուզի «Պի.Պի.Սի.»-ին յայտնած է. «Հանրաքուէի արդիւնքը կասկածի ենթակայ չէ, սակայն զայն գործադրելու համար կարիքը ունինք հոլովոյթի մը, որ Բրիտանիոյ օրէնքին համահունչ է:

«Հանրաքուէի արդիւնքը ինքնին իրաւաբանական գետնի վրայ պարտադիր չէ եւ Խորհրդարանի համաձայնութիւնը ստանալէ առաջ ներկայ կամ ապագայ վարչապետի մը կողմէ 50-րդ յօդուածի կիրարկումը ապօրինի է»:

«Պի.Պի.Սի.» կը նշէ, որ այդպիսի օրէնքի մը որդեգրումը կրնայ Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալուն դէմ եղող խորհրդարանի մեծամասնութեան առիթ ընծայել արգելակելու այդ հոլովոյթը, սակայն այդ մէկը սահմանադրական գետնի վրայ անկարելի կը թուի ըլլալ:

Միւս կողմէ` Բրիտանիոյ Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավարի եւ ապագայ վարչապետի պաշտօնի գլխաւոր երկու թեկնածուները անդրադարձած են Բրիտանիոյ Եւրոպական Միութենէն դուրս գալուն ժամկէտներուն:

Այդ պաշտօնին տիրանալու ամէնէն հաւանական թեկնածուն` ներքին գործոց ներկայ նախարար Թերեզա Մէյ յայտարարած է, որ սկիզբի համար անհրաժեշտ է յստակ դիրքորոշում մշակել Բրիտանիոյ եւ Եւրոպական Միութեան հետագայ փոխյարաբերութիւններու վերաբերեալ, նախքան դաշինքէն դուրս գալու պաշտօնական հոլովոյթի մեկնարկը:

Անոր մրցակիցը` ուժանիւթի ներկայ փոխնախարար Անտրէա Լիտսըմ, ընդհակառակը, կարծիք յայտնած է, որ Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու հոլովոյթը պէտք է սկսի կարելի եղածին չափ շուտ` տնտեսական անորոշութիւնը յստակացնելու համար:

Լիտսըմ, որ 25 տարի աշխատած է ելեւմտական մարզին մէջ, կը կարծէ, որ երկրի ապագայ վարչապետը պէտք է «Պրեքզիթ»-ի կողմնակից ըլլայ: Անոր այս կարծիքը կը կիսէ երկրի արդարադատութեան նախարար Մայքըլ Կոուվ:

 

 

 

Նախորդը

Սթոլթենպերկ. «ՕԹԱՆ-ի Եւ Ռուսիոյ Միջեւ Մօտ Օրէն Հանդիպում Մը Նախատեսուած Է»

Յաջորդը

Ժետտայի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Հիւպատոսարանին Դէմ Յարձակում Մը Ձախողութեան Մատնուեցաւ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.