
Ֆրանսայի վարչապետ Մանուէլ Վալս Ֆրանսայի Ազգային ժողովին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ Ֆրանսան պէտք է «այս սպառնալիքին հետ գոյակցիլ սորվի»:
Ան ըսաւ, որ Ֆրանսան, հակառակ իր կառավարութեան կողմէ որդեգրուած նախազգուշական քայլերուն, պէտք է յաւելեալ մահասփիւռ յարձակումներ ակնկալէ:
«Թէեւ այս խօսքերը ըսելը դժուար է, սակայն այդ մէկը կատարելը պարտականութիւնս է», ըսաւ ան` նշելով. «Այլ յարձակումներ պիտի ըլլան, եւ այլ անմեղ մարդիկ պիտի սպաննուին: Երբեք պէտք չէ ընտելանանք արհաւիրքին, սակայն պէտք է գոյակցիլ սորվինք այս սպառնալիքին հետ»:
Ֆրանսայի խորհրդարանը որոշեց արտակարգ կացութիւնը երկարաձգել մինչեւ յունուար 2017: Այս մէկը խորհրդարանին կողմէ արտակարգ դրութեան չորրորդ երկարաձգումն է, եւ որոշումը պէտք է վաւերացուի Ծերակոյտին կողմէ:
Արտակարգ դրութիւնը ոստիկանութեան յաւելեալ լիազօրութիւններ կը շնորհէ խուզարկութիւններ կատարելու եւ մարդիկ տնային կալանքի տակ պահելու:
Վերջերս յանձնախումբի մը կողմէ կատարուած հետազօտութիւն մը ցոյց տուաւ, որ արտակարգ դրութիւնը միայն «սահմանափակ ազդեցութիւն» ունի ապահովական կացութեան բարելաւման վրայ: Հետազօտութիւնը հարցականի տակ առաւ դպրոցներ, հրէական տաճարներ, առեւտրական կեդրոններ եւ այլ զգայուն վայրեր պաշտպանելու համար 6-7 հազար զինուորներ տեղակայելու քայլը:
Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ այս ամսուան սկիզբը յայտնած էր, որ մտադիր չէ արտակարգ դրութիւնը 26 յուլիսէն աւելի երկարաձգելու:
Արտակարգ դրութիւնը հաստատուած էր նոյեմբեր 2015-ին` Փարիզի մէջ 130 զոհ պատճառած ահաբեկչական յարձակումներէն ետք:


