
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ թրքական օդուժին պատկանող «Էֆ-16» տիպի կործանիչներ 19 յուլիսի երեկոյեան ռմբակոծած են Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) Իրաքի հիւսիսը գտնուող դիրքերը:
Ըստ թրքական աղբիւրներու, ռմբակոծման իբրեւ հետեւանք սպաննուած են ՔԱԿ-ի 20 զինեալներ:


