Նիւ Եորքի ոստիկանութիւնը յայտարարեց, որ ոստիկանները պաշարած են Նիւ Եորքի Թայմզ հրապարակը, ուր անձ մը կը սպառնար ինքզինք պայթեցնել իր ինքնաշարժին մէջ:
Ոստիկանութիւնը դէպքի վայրին շուրջ ստեղծեց ապահովական գօտի մը եւ արգիլեց երթեւեկը:
Նշեալ անձը ոստիկանութեան ուղղութեամբ նետեց կասկածելի իր մը, որմէ ետք ոստիկանութիւնը զինք ձերբակալեց: