Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանի Մէջ Եւս Կիւլենականներու «Ջարդ»

July 22, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Azerbaijan_72116

«Արմէնփրես»` մէջբերելով ազրպէյճանական «Ազատլըք» օրաթերթը, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ զինուորական յեղաշրջումի փորձի ձախողութենէն ետք, Պաքուի մէջ եւս «կիւլենական գործողութիւններ» սկսած են. «Կովկաս» համալսարանի փակումէն ետք գործունէութիւնը դադրեցուցած է նաեւ «Զաման» օրաթերթը:

«Ազատլըք» նշած է, որ Ազրպէյճանի կրթութեան նախարարութեան որոշումով,  Կիւլենի հետ կապ ունեցող Պաքուի «Կովկաս» համալսարանին կառավարումը յանձնուած է Պաքուի քարիւղի բարձրագոյն դպրոցին: Այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Ազրպէյճանի քարիւղի պետական ընկերութեան` ՍՈՔԱՐ-ի անձնակազմի եւ տեղեկատուական ճարտարագիտութիւններու փոխնախագահ Խալիք Մամետով:

«Կովկաս» համալսարանի փակման մասին լուրին հրապարակումէն քիչ ետք յայտնի դարձած է, որ գործունէութիւնը դադրեցուած է նաեւ Ազրպէյճանի մէջ հրապարակուող «Զաման-Ազրպէյճան» թերթին, որ կը հանդիսանայ թրքական «կիւլենական» նկատուող «Զաման» օրաթերթի «արբանեակը»: Փակուած է նաեւ թերթի կայքը:

Օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Անար Կարախանչալ հաստատած է լուրը:

Ազրպէյճանական «Ենի Մուսաւաթ» օրաթերթը նախապէս յայտնած էր, որ Թուրքիոյ պետական շրջանակները Ազրպէյճանի կառավարութեան ներկայացուցած են ցուցակը նախագահ Իլհամ Ալիեւի աշխատակազմին եւ ազրպէյճանական կառավարութեան մէջ գործող բարձրաստիճան անձնաւորութեանց, որոնք անդամ են կամ կապեր ունին նուրսիստներու (կիւլենականներու) կրօնական աղանդին հետ: Ֆեթհուլլա Կիւլենի աղանդին կողմէ «հաւաքագրուած» պետական պաշտօնեաներու ցուցակին մէջ նշուած են նաեւ Ազրպէյճանի քարիւղի պետական ընկերութեան` ՍՈՔԱՐ-ի նախագահ Ռովնակ Ապտուլլայեւի, փոխնախագահ Խալիկ Մամետովի, կրօնական կառոյցներու հետ աշխատանքի գծով պետական յանձնախումբի նախագահ Էլշատ Իսքենտերովի, անոր տեղակալ Կիւնտիւզ Իսմայիլովի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ազատ Ռահիմովի, փոխնախարար Ինթիկամ Պապայեւի, երեսփոխաններ Կանիրա Փաշայեւայի, Նիամի Ճաֆարովի, Ճէյհուն Օսմանլըի, «ԱզԹԻՎԻ»-ի ղեկավար Արիֆ Ալըշանովի, Ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմին կից Ռազմավարական հետազօտութիւններու կեդրոնի տնօրէն Ֆարհատ Մամետովի եւ Երիտասարդական հիմնադրամի նախագահ Ֆարհատ Հաճիեւի անունները:

Նախորդը

Մէյ Եւ Մերքել Համաձայնութիւն Գոյացուցած Են Բրիտանիա-Եւրոպական Միութիւն Խելամիտ «Ապահարզան»-ի Շուրջ

Յաջորդը

ՏԱՀԵՇ Կը Սպառնայ Ֆրանսայի Մէջ Յաւելեալ Յարձակումներ Գործել

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.