Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Սուրիոյ վերաբերեալ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ ՄԱԿ-ի խորհրդակցութիւնները ծրագրուած են 26-27 յուլիսին` ժընեւի մէջ:
«Այդ հանդիպումը կը ծրագրուի», ըսած է աղբիւրը:
Աղբիւրը նաեւ նշած է, որ խորհրդակցութիւններուն ընթացքին Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգները ներկայացուած պիտի ըլլան արտաքին գործոց նախարարներու տեղակալներու մակարդակով: