Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Մէջ Եռամսեայ Արտակարգ Դրութիւնը Մտաւ Ուժի Մէջ

Յուլիս 22, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Erdogan_72116

Երէկ պետական պաշտօնաթերթին մէջ լոյս տեսնելէն ետք, Թուրքիոյ մէջ եռամսեայ արտակարգ դրութիւնը մտաւ ուժի մէջ:

Թրքական իշխանութիւնները նշեցին, որ արտակարգ դրութիւնը իրենց արտօնութիւն պիտի տայ արագ եւ ազդու միջոցառումներ որդեգրել անոնց դէմ, որոնք պատասխանատու են զինուորական յեղաշրջման ձախող փորձին:

Արտակարգ դրութիւնը նաեւ Էրտողանին ու նախարարաց խորհուրդին պիտի արտօնէ նոր օրէնքներ հրապարակել, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտութեան պարագային իրաւունքներն ու ազատութիւնները առկախել` շրջանցելով խորհրդարանը:

Էրտողան չորեքշաբթի ուշ գիշերին, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի շուրջ հինգ ժամ տեւած ժողովէն ետք, «քաղաքացիներու իրաւունքներն ու ազատութիւնները ապահովելու ուղղութեամբ աւելի արդիւնաւէտ եւ արագ քայլերու ձեռնարկելու համար» երկրին մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարեց:

Թուրքիոյ նախագահին կարծիքով` իսլամ քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի կողմնակիցները «յառաջիկայ օրերուն եւ շաբաթներուն կրնան (յեղաշրջումի) նոր փորձ կատարել»:

Էրտողան նաեւ քննադատեց երկրին հետախուզութիւնը` յայտարարելով. «Եթէ անիկա պատշաճ մակարդակի վրայ ըլլար, յեղաշրջումի փորձը կարելի պիտի ըլլար կանխարգիլել»: Ըստ անոր, յեղաշրջման փորձին մասին առաջին անգամ լսած է իր փեսայէն, սակայն, լուրջ վերաբերմունք չէ ցուցաբերած:

Նախապէս յայտնի դարձաւ, որ Թուրքիոյ Ազգային գաղտնի սպասարկութիւնը` ՄԻԹ-ը, պատրաստուող յեղաշրջումի փորձին մասին տեղեկութիւն ստացած է 15 յուլիսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին:

Էրտողան յայտնեց, որ եւրոպական երկիրները իրաւունք չունին քննադատելու Թուրքիան արտակարգ իրավիճակի դրութեան սահմանումին համար:

«Մեր երկրին դիմագրաւած սպառնալիքին հետ անհամեմատելի քանի մը ահաբեկչական գործողութիւններէ ետք նոյնպիսի միջոցառումներ որդեգրած եւրոպական երկիրները իրաւունք չունին քննադատելու արտակարգ դրութեան սահմանումի որոշումը», յայտարարեց Էրտողան:

Ան աւելցուց, որ Թուրքիոյ մէջ իրաւունքը, ազատութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը պիտի չվնասուին, այլ ընդհակառակն` աւելի պիտի ամրապնդուին:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայեր Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կոչ ուղղեց` արտակարգ դրութիւնը պահպանելու միայն անհրաժեշտ ժամանակով եւ զայն ջնջելու որքան կարելի է շուտ:

Ան Թուրքիոյ կառավարութեան կոչ ուղղեց` հետեւելու օրէնքին եւ համապատասխան միջոցներու դիմելու երկրին կայունութիւնը վերականգնելու համար:

«Կարեւոր է, որ արտակարգ դրութիւնը գործէ միայն որոշակի ժամանակով, իսկ ջնջուի որքան կարելի է շուտ», աւելցուց գերմանական դիւանագիտութեան պետը:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Սեպասթիան Քուրց յայտնած է, որ Աւստրիոյ մէջ Թուրքիոյ դեսպանը կանչուած է արտաքին գործոց նախարարութիւն բացատրութիւններ տալու` 16 յուլիսին Էրտողանի օգտին զօրակցութեան ցոյց կազմակերպելու գործին մէջ անոր հաւանական մասնակցութեան շուրջ:

Ըստ անոր, դեսպանը պէտք է բացատրութիւն տայ, թէ թրքական իշխանութիւնները Աւստրիոյ մէջ բնակող հազարաւոր մարդոց իսկապէս կոչ ուղղա՞ծ են Էրտողանը պաշտպանելու համար փողոց դուրս գալու:

Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարարը երէկ նաեւ յայտարարած է. «Արտակարգ դրութեան արդիւնքը այն պիտի ըլլայ, որ նախագահը պիտի ստանայ աւելի մեծ լիազօրութիւններ, եւ մենք կը մտահոգուինք, որ անոր պիտի յաջորդեն մենատիրական յաւելեալ գործողութիւններ»:

Նշենք, որ Թուրքիան երէկ ժամանակաւորապէս դադրեցուց Մարդկային իրաւանց եւրոպական ուխտի կիրարկումը:

Պելճիքական «Պելկա» գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Պելճիքայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը պաշտօնապէս ներում հայցած է Պելճիքայի Ֆլանտրիոյ կառավարութեան ղեկավար Կերթ Պուրժուայէն թրքական դեսպանատան անդամներէն մէկուն այն յայտարարութեան համար, թէ ֆլամանտական կազմակերպութիւնները կ՛աջակցին Ֆեթհուլլա Կիւլենին:

Գործակալութեան տուեալներով` ներման հայցը ընդունուած է:

Սպիտակ տունը երէկ յայտարարեց. «Յեղաշրջումի փորձէն ետք, միջազգային ընտանիքը պիտի հետեւի թրքական կառավարութեան վարմունքին»:

Պաշտօնազրկումները Կը Շարունակուին

«Հիւրրիյէթ» կը հաղորդէ, որ յեղաշրջումի ձախող փորձէն ետք չորս համալսարաններու տնօրէններ հեռացուած են աշխատանքէն: Անոնք հեռացուած են Տիճլէ, Կազի, Եալովա եւ Եըլտըզ արհեստից համալսարաններէն: Անոնք կը մեղադրուին կիւլենականութեամբ:

Թուրքիոյ բարձրագոյն կրթութեան խորհուրդին պահանջով իրենց հրաժարականները ներկայացուցած են 1577 կաճառներու տնօրէններ: Աւելի՛ն. 21 հազար ուսուցիչներու արտօնագիրները չեղեալ յայտարարուած են, իսկ ելեւմուտքի նախարարութեան 1500 պաշտօնեաներ պաշտօնազրկուած են:

Ռուսիա Յեղաշրջումին Մասին Զգուշացուցած Է
Թուրքիոյ Իշխանութիւնները

Իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով արաբական լրատուամիջոցներուն, կը հաղորդէ, որ Ռուսիան տեղեկութիւններ ունեցած է Թուրքիոյ մէջ կատարուած յեղաշրջումի փորձին մասին եւ գործողութիւնը սկսելէն քանի մը ժամ առաջ զգուշացուցած թրքական իշխանութիւնները:

Ըստ աղբիւրներու, Թուրքիոյ դիւանագիտական շրջանակներուն մէջ ռուսական հետախուզութիւնը տուեալներ ստացած է, որ խռովարարները մտադիր են ուղղաթիռներ ուղարկել Մարմարիսի պանդոկ, ուր 15 յուլիսին կը գտնուէր Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` «զինք ձերբակալելու կամ սպաննելու համար»:

Հրապարակումին մէջ կ՛ենթադրուի, որ տեղեկութիւնները ստացած են Սուրիոյ Հմէյմիմ ռուսական ռազմակայանին մէջ գտնուող մասնագէտները: «Ֆարս» չէ նշած, թէ ո՛ր արաբական լրատուամիջոցները հաղորդած են տեղեկութիւնը:

19 յուլիսին թրքական բանակի սպայակոյտի պետ Հուլուսի Աքար յայտարարած էր, որ Ազգային հետախուզութեան` ՄԻԹ-ին զգուշացուցած էր զինուորականներուն նախապատրաստած խռովութեան մասին` գործողութիւններէն քանի մը ժամ առաջ, սակայն չէր նշած, թէ ուրկէ՛ ստացած էր տեղեկութիւնները:

 

Նախորդը

Չեւիք. «Թուրքիա Մնայուն Կարիքը Ունի Իսրայէլի». «Հակառակ Մաքրագործումի Արշաւին, Թուրքիան Պիտի Շարունակէ Մնալ ՕԹԱՆ-ի Ուժեղ Գործընկեր Մը» Ըսաւ Սթոլթենպերկ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Ռուպիօ Իրաքի Վարչապետին Շեշտեց Իրանի Աջակցութիւնը Վայելող Միլիսներու Զինաթափման Անհրաժեշտութիւնը
Միջազգային

Ռուպիօ. «Իսրայէլի Այսրյորդանանը Կցելու Ծրագիրները Կը Վտանգեն Կազայի Զինադադարի Համաձայնութիւնը»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Եւրոպական Միութիւն. «Սուրիոյ Մէջ Համայնքային  Բռնարարքներու Վերաբերեալ Արդարացի  Մտավախութիւններ Գոյութիւն Ունին»
Միջազգային

Եւրոպական Միութիւնը Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցներու 19-րդ Թղթածրարը Որդեգրեց

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?