Ըստ «Սի.Էն.Էն.»-ի. Ամերիկեան Իշխանութիւններուն Կողմէ Ամերիկացիներու Ազատ Արձակման Օրը Իրանի Փոխանցուած Գումարը Փրկագին Չէր
Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակազմը յունուարին Թեհրանի կողմէ չորս ամերիկացիներու ազատ արձակման օրը Իրանի փոխանցած է 400 միլիոն տոլար, սակայն իբրեւ առաջին մասնավճար Իրանի շահի օրերուն չամբողջացած զէնքերու վաճառքի համաձայնութեան մը հարցի լուծման ծիրին մէջ: Այդ գումարը վճարուած է ոչ թէ ամերիկեան տոլարով, այլ զուիցերիական ֆրանքով եւ եւրոյով` Զուիցերիոյ եւ Հոլանտայի մէջ գտնուող...




















