Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Թուրքիա:
Այցելութեան ծիրին մէջ ան հանդիպում պիտի ունենայ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ:
Նշենք, որ թուրք-ղազախական յարաբերութիւնները լարուած են, որովհետեւ 15 յուլիսին Թուրքիոյ մէջ կատարուած յեղաշրջումի ձախող փորձէն ետք Ղազախստան մերժած էր փակել իր տարածքին մէջ գործող 27 կիւլենական դպրոցները:
Կ՛ակնկալուի, որ Էրտողան Նազարպայեւի հետ ունենալիք հանդիպումին ընթացքին արծարծէ այդ հարցը: