Բրիտանական «Միրըր» օրաթերթը հրապարակեց նոր տեսերիզ մը, որուն մէջ ՏԱՀԵՇ կը սպառնայ արիւնալի յարձակումներ գործել Եւրոպայի մէջ եւ կոչ կ՛ուղղէ հրկիզելու Ֆրանսան:
Տեսերիզին մէջ կ՛երեւին ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներ, որոնք Քերքուքի գիւղական շրջանին մէջ բախում կ՛ունենան իրաքեան բանակին հետ:
Տեսերիզը նաեւ պատգամ մը կը պարունակէր Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի, ֆրանսացի ժողովուրդին, Պելճիքային եւ ընդհանրապէս ֆրանսախօսներուն: