Թրքական իշխանամէտ «Ենի Շաֆաք» օրաթերթը կը գրէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, որ Թուրքիան կ՛ակնկալէ, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի արտայանձնէ իսլամ քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենը, որ թրքական իշխանութիւններուն կողմէ կը մեղադրուի երկրին մէջ պետական յեղաշրջումի փորձի կազմակերպման համար:
«Մինչեւ այսօր Թուրքիան արտայանձնած է բոլոր այն ահաբեկիչները, զորս պահանջած են ամերիկեան իշխանութիւնները», ըսած է ան` աւելցնելով. «Մենք կ՛ակնկալենք, որ Միացեալ Նահանգներ արտայանձնեն այդ ահաբեկիչը»: