Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Իշխող Կուսակցութիւնը Մտադիր Է Իր Շարքերը Մաքրել Կիւլենի Կողմնակիցներէն

August 6, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

akp_80516

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կեդրոնն ու շրջանային բաժանմունքները մաքրագործումներու պիտի ենթարկուին թուրք իսլամ քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի կողմնակիցներէն: Համապատասխան շրջաբերական ստորագրած է կուսակցութեան փոխնախագահ Հայաթի Եազըճըն:

Փաստաթուղթը ուղարկուած է բոլոր շրջաններուն: Շրջաբերականին մէջ կը նշուի «կարելիութիւն չտալով լուրերու եւ չարախօսութեանց տարածման, արագօրէն աշխատանքներ տանիլ մաքրելու կուսակցութենէն այն անձերը, որոնք կապուած են Ֆեթհուլլա Կիւլենի կազմակերպութեան հետ, եւ անոնց, որոնք աջակցութիւն ցուցաբերած են յեղաշրջման փորձին» անհրաժեշտութիւնը:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու թրքական «Թէ.Կէ.Ռէ.Թէ.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Կիւլենի «Հիզմեթ Հարեքեթի» շարժումին դէմ պայքարի ծիրին մէջ իր գլխաւորած նախարարութենէն հեռացուած են 300 աշխատակիցներ:

Չաւուշօղլու անհրաժեշտութիւն նկատած է նախարարութեան շարքերուն մէջ Կիւլենի կողմնակիցներու մաքրագործումը: Ան նախապէս յայտնած էր, որ Ռուսիոյ դաշնակցութեան Թաթարիստան շրջանին մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսութեան մէկ դիւանագէտ-աշխատակիցը, որ առնչուած եղած է Կիւլենի «ահաբեկչական» կազմակերպութեան հետ, փախուստ տուած է Ճափոն:

Նախորդը

«Թուրքիան Միացեալ Նահանգներէն Կ՛ակնկալէ Կիւլենի Արտայանձնումը» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Յաջորդը

«Սուրիան Չէ Հասած Փուլի Մը, Որ Ճգնաժամին Քաղաքական Լուծումին Նկատմամբ Լաւատեսութիւն Կը Յառաջացնէ» Կ՛ըսէ Քալըն

RelatedPosts

Թրամփ. «Մօտ Օրէն Պիտի Տեսնէք,  Թէ Իրանի Վերաբերեալ Ի՛նչ Պիտի Կատարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Մօտ Օրէն Պիտի Տեսնէք, Թէ Իրանի Վերաբերեալ Ի՛նչ Պիտի Կատարուի»

October 2, 2026
Նեթանիահու. «Տակաւին Կանուխ Է  «Ֆլայ Տուպայ»-ի Դէպքին Իրանեան  Մեղսակցութեան Գոյութիւնը Հաստատելու»
Միջազգային

Նեթանիահու. «Տակաւին Կանուխ Է «Ֆլայ Տուպայ»-ի Դէպքին Իրանեան Մեղսակցութեան Գոյութիւնը Հաստատելու»

October 2, 2026
«Թշնամիի Ճամբարին Կողմէ Որեւէ Նոր Սխալ  Կամ Յարձակում Կարծր Պատասխանի Պիտի Արժանանայ»  Կ՛ըսէ Իրանի Յեղափոխական Պահակագունդը
Միջազգային

«Իրաքէն Ամերիկեան Ուժերու Հեռացումը Պատմական Յաղթանակ է Եւ Արեւմտեան Ասիոյ Բոլոր Կողմերէն Անոնց Հեռացման Նախաքայլն Է» Կ՛ըսէ Իրանի Յեղափոխական Պահակագունդը

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.