Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կը Թուի, Թէ Ռուսիա Չէ Որդեգրած Սուրիոյ Մէջ Բռնարարքներուն Վերջ Տալու Ուղին» Կ՛ըսէ Օպամա

Օգոստոս 6, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Obama_80516

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ Իրաքի մէջ իր գործողութիւններէն անդին անցնելով տարածուած է աւելի քան քսան երկիրներու մէջ, հարուածած է Յորդանանի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Թուրքիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի ցամաքամասին վրայ:

Օպամա Փենթակոնի մէջ Ազգային ապահովութեան խորհուրդի եւ զինուորական հրամանատարութեան հետ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի քննարկման յատկացուած ժողովի մը ընթացքին յայտարարեց, որ աշխատանք պիտի տարուի արգելք հանդիսանալու որեւէ գործողութեան, որ կրնայ սպառնալ Միացեալ Նահանգներուն:

Ան վերահաստատեց բոլոր մակարդակներուն վրայ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարելու վճռակամութիւնը եւ նշեց. «Մենք աշխատանք կը տանինք ամրապնդելու ՏԱՀԵՇ-ի շարժումներուն վերաբերեալ գաղտնի սպասարկական տեղեկութիւններու մարզը:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ չկրցաւ աշխարհագրական տարածքներու երկար ժամանակ տիրել` նշելով, որ իրաքեան ուժերը իրենց վերահսկողութեան տակ առին Մուսուլի մօտ գտնուող ռազմակայան մը, «եւ մենք աշխատանք պիտի տանինք Իրաքի կայունութիւնը երաշխաւորելու»:

Օպամա ըսաւ, որ Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ը պարտութեան մատնելու համար անհրաժեշտ է ձերբազատիլ այդտեղ ընթացող քաղաքացիական պատերազմէն` նշելով, որ սուրիական վարչակարգը անտեսեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումները եւ կը թուի, թէ Ռուսիա չէ որդեգրած Սուրիոյ մէջ բռնարարքներուն վերջ տալու ուղին:

Օպամա նաեւ յայտնեց, որ ինք պիտի ստանայ Լիպիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ը հարուածելու արտօնութիւնը եւ աշխատանք պիտի տանի զայն պարտութեան մատնելու մինչեւ իսկ անոր կեդրոնատեղիին` Սուրիոյ Ռաքքա քաղաքին մէջ, ինչպէս նաեւ պիտի շարունակէ աջակցիլ Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցներուն` ընդդէմ ՏԱՀԵՇ-ի:

Նախորդը

Եունքեր. «Ներկայիս Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան Անդամակցութիւնը Ընդունիլը Դժուար Է»

Յաջորդը

Ամին Ժեմայէլ Ընդունեց Երեսփոխանական Պատուիրակութիւն Մը

RelatedPosts

Թրամփ. «Իսրայէլ Իրաւունք Ունի Վրէժ Լուծելու,  Եւ Համասը Միջին Արեւելքի  Համաձայնութեան Մէջ Փոքր Բաժին Մըն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իսրայէլ Իրաւունք Ունի Վրէժ Լուծելու, Եւ Համասը Միջին Արեւելքի Համաձայնութեան Մէջ Փոքր Բաժին Մըն Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Այսօր Հարաւային Քորէայի Մէջ  Թրամփ-Ճինփինկ Հանդիպում
Միջազգային

Այսօր Հարաւային Քորէայի Մէջ Թրամփ-Ճինփինկ Հանդիպում

Հոկտեմբեր 30, 2025
Թրամփ Հարաւային Քորէայի Հետ Առեւտրական  Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց
Միջազգային

Թրամփ Հարաւային Քորէայի Հետ Առեւտրական Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?