Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակազմը յունուարին Թեհրանի կողմէ չորս ամերիկացիներու ազատ արձակման օրը Իրանի փոխանցած է 400 միլիոն տոլար, սակայն իբրեւ առաջին մասնավճար Իրանի շահի օրերուն չամբողջացած զէնքերու վաճառքի համաձայնութեան մը հարցի լուծման ծիրին մէջ: Այդ գումարը վճարուած է ոչ թէ ամերիկեան տոլարով, այլ զուիցերիական ֆրանքով եւ եւրոյով` Զուիցերիոյ եւ Հոլանտայի մէջ գտնուող դրամատուներու միջոցով: Գումարը Իրան փոխադրուած է փայտէ տուփերու մէջ` օդանաւի ճամբով:
Թեհրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցներուն պատճառով գումարը դրամատնային փոխանցումի ճամբով չէ փոխանցուած:
Ամերիկացի բարձրաստիճան այլ պաշտօնատար մը «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնած է, որ «զարմանալի չէ, որ Իրան ներքին քաղաքական պատճառներով փափաքի ըսել, որ վճարուածը փրկագին է»` նշելով. «Այդ մէկը ճիշդ չէ, Իրանի հիւլէական ծրագիրին յառաջացուցած վստահութիւնը նպաստեց այլ թղթածրարներու շուրջ բանակցութեան: Այդ բոլոր հարցերը համաձայնութեան գործադրութեան հետ միատեղ տեղի ունեցան, սակայն այդ գումարը փրկագին չէ»: