Քլինթըն 10 Տոկոսային Կէտով Կը Գերազանցէ Թրամփը
«Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ 3 օգոստոսին հրապարակուած հարցախոյզին արդիւնքները ցոյց կու տան, որ Միացեալ Նահանգներու Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածու Հիլըրի Քլինթընի` ամերիկացի ընտրողներուն մօտ ժողովրդականութեան ցուցանիշը կը գերազանցէ իր հանրապետական մրցակից` միլիառատէր Տանըլտ Թրամփին ցուցանիշը: Վերջին տուեալներուն համաձայն, Քլինթընի ի նպաստ այս տարուան նոյեմբերին պատրաստ են իրենց քուէն տալու հարցախոյզին մասնակիցներուն 49 առ հարիւրը, իսկ Թրամփի ի նպաստ`...




















