Զինեալ Յարձակում Քըլըճտարօղլուի Շքախումբին Դէմ
Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլուի ինքնաշարժներու շքախումբին դէմ երէկ տեղի ունեցաւ զինեալ յարձակում մը: Ըստ «Տեմոքրաթհապեր»-ի, ինքնաշարժներուն ուղղութեամբ կրակոցները արձակուած են Արթուինէն Արտանուշ մեկնելու ճամբուն վրայ: Կրակոցներուն հակադարձելու ընթացքին կողմերուն միջեւ տեղի ունեցած են բախումներ: Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութենէն երեսփոխան Ուղուր Պայրաքթութան յայտնած է, որ ինքնաշարժներու շքախումբին սկիզբի հատուածին մէջ արձանագրուած են վիրաւորներ, սակայն Քըլըճտարօղլու չէ վնասուած: Քըլըճտարօղլու...




















