Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայտըն. «Ուաշինկթըն Կանխաւ Տեղեակ Չէր Յեղաշրջումի Փորձէն»

August 25, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Biden-Yildirim_82416

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտըն երէկ այցելեց Անգարա, ուր իր պաշտօնական հանդիպումներէն առաջ այցելեց Թուրքիոյ խորհրդարան եւ աչքէ անցուց 15 յուլիսի զինուորական յեղաշրջումի ձախող փորձին ընթացքին խորհրդարանի շէնքին հասած վնասները:

Պայտըն Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի հետ ունեցաւ հանդիպում մը, որուն աւարտին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ «Միացեալ Նահանգներ կանխաւ տեղեակ չէին յեղաշրջումի փորձէն եւ չաջակցեցան թրքական զինեալ ուժերու շարք մը անդամներու վախկոտ արարքին»` աւելցնելով. «Ամերիկա աշխատանք կը տանի Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման համար եւ շատ արագ յայտարարեց յեղաշրջումի փորձին իր մերժումը»: «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յստակօրէն դատապարտեց յեղաշրջումի փորձը», ըսաւ ան:

Ան ըսաւ, որ իր երկիրը որեւէ օժանդակութիւն պիտի չխնայէ Թուրքիոյ` վերջինիս դէպի ժողովրդավարութեան ամրապնդում երթին մէջ:

«Թուրքիան Ամերիկայէն աւելի կարեւոր բարեկամ մը չունի, եւ մենք պէտք է յարգենք Ֆեթհուլլա Կիւլենի արտայանձնումին մէջ օրէնսդրական մեր պայմանները», նշեց Պայտըն:

«ՏԱՀԵՇ եւ ՔԱԿ Թուրքիոյ հարաւ-արեւելքը քանդում սփռեցին, եւ մենք մեր դաշնակիցները պաշտպանելու իմաստով որեւէ շահ չունինք», ըսաւ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը:

Պայտըն սուրիացի քիւրտերու ուժերուն կոչ ուղղեց Եփրատ գետի արեւմտեան ափէն նահանջելու դէպի արեւելեան ափը` ընդգծելով. «Որեւէ պարագայի անոնք չեն կրնար ստանալ, պիտի չստանան ամերիկեան աջակցութիւն, եթէ այդ յանձնառութիւնը չյարգեն»:

Եըլտըրըմ իր կարգին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է վերատեսութեան ենթարկեն քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու աջակցութիւնը` սպառնալիքի աճը կանխարգիլելու համար: Ան աւելցուց, որ Ուաշինկթըն համաձայն գտնուած է, որ քիւրտերը Եփրատ գետի արեւմտեան ափը պէտք չէ անցնին:

Ան նաեւ նշեց, որ եթէ Ուաշինկթըն արագացնէ Կիւլենի արտայանձնումը, որպէսզի ան թրքական հողերու վրայ դատավարութեան ենթարկուի, ապա «թրքական հանրութեան յուսախաբութիւնը շատ արագ պիտի չքանայ»:

 

 

Նախորդը

6,2 Ուժգնութեամբ Երկրաշարժ Մը Հարուածեց Կեդրոնական Իտալիան

Յաջորդը

Թրքական Զօրքեր Մուտք Գործեցին Սուրիա

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.