Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրք Երեսփոխան Մը Կը Յայտարարէ. Այնթէպի Մէջ 3-4 Թաղամաս ՏԱՀԵՇ-ի Ձեռքն Է, Պետութիւնն Ու Ժողովուրդի Մէկ Մասը Աչք Կը Փակեն

August 25, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Turkmen_82216Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան երեսփոխան Էլիֆ Տողան Թիւրքմեն, որ Այնթէպի մէջ կատարուած ահաբեկչութենէն անմիջապէս ետք մեկնած է դէպքին վայրը, «Սէօզճիւ» օրարթերթին տուած իր հարցազրոյցին մէջ հետաքրքրական տեղեկութիւններ փոխանցած է:

«ՏԱՀԵՇ-ը Կազի Այնթէպի մէջ շատ կարեւոր դիրքեր գրաւած է, 3-4 թաղամաս ամբողջովին անոնց ձեռքն է: Ժողովուրդին մէջ կարծիք կայ, որ պետութիւնը տեղեակ է եւ դիտմամբ աչք կը փակէ այս բոլորին վրայ: ժողովուրդին մէկ մասը ինք եւս աչք կը փակէ», ըսած է Թիւրքմեն:

Ան նշած է, որ ահաբեկչութեան գործադրութեան առնչուած գոյութիւն ունի հիմնական երկու վարկած:

«Ըստ առաջին վարկածին, ականը տեղադրուած է մանկական անուասայլակի մը մէջ: Ըստ երկրորդ վարկածին, հարսանիքին ընթացքին 12 տարեկան անձնասպան ահաբեկիչը ինքզինք պայթեցուցած է: Թէեւ կարելի է, որ ՏԱՀԵՇ-ի որեւէ անդամ դուրսէն ներխուժելով գործադրած է ահաբեկչութիւնը», ըսած է ան:

Նախապէս Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած էր, որ Այնթէպի Շահինպէյ շրջանին մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութիւնը գործադրած անձնասպանական գործողութեան հեղինակը 12-14 տարեկան էր:

Յիշեցնենք, որ 21 օգոստոսի ուշ գիշերին Թուրքիոյ Այնթէպ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած էր ահաբեկչութիւն, անձնասպանական գործողութեան հեղինակը ականը պայթեցուցած էր քրտական հարսանիքի մը ընթացքին: Տակաւին որեւէ ահաբեկչական կառոյց չէ ստանձնած այս ահաբեկչութեան պատասխանատուութիւնը:

 

Նախորդը

Ալասքայի Գիւղերէն Մէկը Պիտի Տեղափոխուի` Կենսոլորտի Ջերմացումէն Յառաջացած Անհետացման Վտանգին Պատճառով

Յաջորդը

Թուրքիա Կը Մերժէ Ռուսիոյ Կողմէ Ինճիրլիքի Օգտագործման Կարելիութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.