«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ թրքական «Թէ24» տեղեկատուական կայքը կը յայտնէ, թէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 31 օգոստոսին պիտի այցելէ Թուրքիա:
Փութին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ պիտի դիտէ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականներուն միջեւ բարեկամական հանդիպումը, որ տեղի պիտի ունենայ 31 օգոստոսին Անթալիոյ մէջ: