Միջազգային

Կիպրոս Կը Վերամիանա՞յ  Այս Տարեվերջին Սեմին

Կիպրոս Կը Վերամիանա՞յ Այս Տարեվերջին Սեմին

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ  Չաւուշօղլու երէկ դիտել տուաւ, թէ ներկայիս յարմար «առիթ» կայ կիպրական հարցի լուծման գծով: Ըստ ֆրանսական լրատու գործակալութեան, Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիքոս Անասթասիատիս եւ թուրք կիպրացիներու ղեկավար Մուսթաֆա Աքընճը վերջերս խտացեալ սերտ խորհրդակցութիւններ ունեցած են նախքան այս տարեվերջ Կիպրոսի վերամիացման  նպատակով: Կրետէ կղզիին մէջ իր յոյն պաշտօնակիցին հետ ճաշի ընթացքին թուրք նախարարը մաղթեց, որ Կիպրոսի երկու...

Սուրիոյ Մէջ Թուրքիոյ Շղթայազերծած  Գործողութեան Առաջինը  Արձագանգած Երկիրները

Սուրիոյ Մէջ Թուրքիոյ Շղթայազերծած Գործողութեան Առաջինը Արձագանգած Երկիրները

Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը գրէ, որ Սուրիոյ մէջ թրքական բանակին շղթայազերծած գործողութենէն ետք, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հեռաձայնը չէ դադրած հնչելէ: Զինուորական գործողութեան սկսելէն ետք, Չաւուշօղլուին առաջինը հեռաձայնած են Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարար Խոսէ Մանուէլ Կարսիա Մարկալիոն եւ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ժոնսընը: Երկու երկիրներն ալ իրենց աջակցութիւնը յայտնած են Թուրքիոյ: Յաջորդ օր Չաւուշօղլուի հետ հեռաձայնով զրուցած...

«Ազրպէյճան Կարելին Կ՛ընէ Երկրին Մէջ  Կիւլենականներու Գործունէութիւնը  Կասեցնելու Համար»  Կ՛ըսէ Հասանով

«Ազրպէյճան Կարելին Կ՛ընէ Երկրին Մէջ Կիւլենականներու Գործունէութիւնը Կասեցնելու Համար» Կ՛ըսէ Հասանով

Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի հասարակական-քաղաքական բաժինի ներկայացուցիչ Պեհրուզ Հասանով յայտարարած է, որ Ազրպէյճան կարելի ամէն բան կ՛ընէ երկրին մէջ թուրք ընդդիմադիր քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի հետեւորդներու գործունէութիւնը կասեցնելու համար: «Ազրպէյճանի մէջ այս պահուն լուրջ պայքար կը տարուի արմատական կրօնական խմբաւորումներուն դէմ: Ասիկա արմատական շիիութիւն ըլլայ, թէ ուահապականութիւն կամ կիւլենականութիւն` արմատական իսլամական խմբաւորումներն ու անոնց անդամները տեղ...

Թուրքիա Հրաժարած Է  Զինուորական Տողանցքէն

Թուրքիա Հրաժարած Է Զինուորական Տողանցքէն

«Անատոլու» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Ֆիքրի Ըշըք յայտարարած է, թէ թրքական իշխանութիւնները հրաժարած են այս տարի 30 օգոստոսին` Յաղթանակի օրուան զինուորական աւանդական տողանցքէն: Թուրքիա «Յաղթանակի օր» կը նկատէ 30 օգոստոս 1922-ի յունական ազատագրական զօրքերուն դէմ արձանագրուած յաղթանակը, որուն շնորհիւ ամբողջապէս բռնագրաւած է յունական տարածքները: Կը նշուի, որ զինուորական տողանցքը ջնջուած է 15 յուլիսին Թուրքիոյ մէջ կատարուած զինուորական յեղաշրջումի...

Եգիպտոսի Մէջ 220 Պանդոկ Փակուած Է  Զբօսաշրջիկներու Բացակայութեան Պատճառով

Եգիպտոսի Մէջ 220 Պանդոկ Փակուած Է Զբօսաշրջիկներու Բացակայութեան Պատճառով

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ զբօսաշրջական պտոյտներ կազմակերպողներու ընկերակցութեան կայքին վրայ նշուած է, որ 2016-ին զբօսաշրջական մարզի աշխուժութեան նուազման պատճառով Եգիպտոսի մէջ փակուած են 220 պանդոկներ: Մեծագոյն կորուստը կրած է Շարմ Շէյխը, ուր աշխատանքէ դադրած են 54 պանդոկներ: Մարսա Ալամի մէջ փակուած են 35 պանդոկներ, իսկ Հուրկատի մէջ` 34: Կը նշուի, որ այս պահուս Կարմիր ծովու ոչ մէկ զբօսաշրջական շրջանի...

Թուրքիոյ փոխվարչապետ Նուման Քուրթուլմուշ յայտնեց, որ Թուրքիան մտադիր է իր սահմաններն ու անվտանգութիւնը պաշտպանել: Ան ըսաւ, որ իր երկիրը կը պնդէ Սուրիոյ եւ Իրաքի հողային ամբողջականութեան, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ յաւելեալ մասնատման մերժումին վրայ: Քուրթուլմուշ «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց, որ ՏԱՀԵՇ եւ քիւրտ զինեալները յարձակում կը գործեն Թուրքիոյ վրայ` շահագործելով անցեալ ամիս տեղի ունեցած յեղաշրջումի փորձը: ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ...

Իտալիոյ Վարչապետը Երկրաշարժէն  Վնասուած Շրջաններուն Մէջ Յայտարարեց  Արտակարգ Դրութիւն

Իտալիոյ Վարչապետը Երկրաշարժէն Վնասուած Շրջաններուն Մէջ Յայտարարեց Արտակարգ Դրութիւն

«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Իտալիոյ վարչապետ Մաթէօ Ռենցի չորեքշաբթի օր տեղի ունեցած երկրաշարժէն վնասուած շրջաններուն մէջ յայտարարած է արտակարգ դրութիւն: Վերջին տուեալներով` երկրաշարժին պատճառով արձանագրուած զոհերուն թիւը հասած է 267-ի: Անոնց մեծ մասը` շուրջ 200 հոգի մահացած է Ամաթրիչէ քաղաքին մէջ: Երկրաշարժէն վնասուածներուն օգնութիւն տրամադրելու համար Իտալիոյ կառավարութիւնը յատկացուցած է 50 միլիոն եւրօ: Ռենցի խոստացած է, որ շուտով պիտի յատկացուին...

Տարայայի Համաձայնութեան  Առաջին Հանգրուանը Սկսաւ

Տարայայի Համաձայնութեան Առաջին Հանգրուանը Սկսաւ

Երէկ սկիզբ առաւ Սուրիոյ մայրաքաղաքին հարաւը գտնուող Տարայայի համաձայնութեան գործադրութիւնը, որուն հիմամբ զինեալներն ու քաղաքայինները դուրս պիտի գան չորս տարիէ ի վեր Սուրիոյ բանակին կողմէ պաշարուած քաղաքէն: Հինգշաբթի օր գոյացած համաձայնութեան հիմամբ, անոնք պիտի հեռանան դէպի Իտլիպ: Համաձայնութեան ծիրին մէջ զինեալները, իրենց զէնքերը յանձնելէ ետք, իրենց ընտանիքներուն հետ կը հեռանան դէպի Իտլիպ, իսկ քաղաքը կը պարպուի բոլոր զինեալներէն: Այն զինեալները,...

Ճիզրէի Մէջ Ականահարուած Է  Ոստիկանութեան Շէնքը

Ճիզրէի Մէջ Ականահարուած Է Ոստիկանութեան Շէնքը

Թուրքիոյ քրտաբնակ Շըռնաք նահանգի Ճիզրէ քաղաքին մէջ ականահարուած է ոստիկանութեան շէնքը, որ ամբողջութեամբ քանդուած է: Պայթուցիկներով բեռնաւորուած ինքնաշարժը պայթած է ոստիկանութեան շէնքէն 50 մեթր հեռաւորութեան վրայ` հսկիչ-անցագրային կէտի մը մօտ: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ճիզրէի պայթումին պատճառով սպաննուած է 9 ոստիկան: Արձանագրուած են 64 վիրաւորներ, որոնց շարքին կան նաեւ քաղաքայիններ: Վիրաւորներէն երկուքին վիճակը կը գնահատուի ծայրայեղ ծանր: Ըստ...

Իշխանութեան Հեզասահ Փոխանցման Նպատակով.  Քլիթընի Եւ Թրամփի Ներկայացուցիչները  Հանդիպում Ունեցած Են Օպամայի Վարչակազմին Հետ

Իշխանութեան Հեզասահ Փոխանցման Նպատակով. Քլիթընի Եւ Թրամփի Ներկայացուցիչները Հանդիպում Ունեցած Են Օպամայի Վարչակազմին Հետ

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սպիտակ տան մամլոյ ծառայութիւնը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնի թեկնածուներ Հիլըրի Քլինթընի եւ Տանըլտ Թրամփի ներկայացուցիչները մասնակցած են Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցած առաջին հանդիպումի մը, որ նուիրուած էր Միացեալ Նահանգներու ներկայ վարչակազմէն գործերու ստանձնման: «25 օգոստոսին տեղի ունեցած առաջին հանդիպումին մասնակցած են Նիւ Ճըրզիի նահանգապետ...

«Թուրքիան Պատրաստ Է Յեղաշրջումի Փորձի  Հետաքննութեան Հարցին Մէջ Եւրոպական  Միութեան Հետ Գործակցելու»  Կ՛ըսէ Եակլանտ

«Թուրքիան Պատրաստ Է Յեղաշրջումի Փորձի Հետաքննութեան Հարցին Մէջ Եւրոպական Միութեան Հետ Գործակցելու» Կ՛ըսէ Եակլանտ

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Թորպիոռն Եակլանտ գերմանական «Վելթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Եւրոպական խորհուրդի փորձագէտները մօտ օրէն հանդիպում պիտի ունենան Թուրքիոյ ներկայացուցիչներուն հետ` այդ երկրին մէջ զինուորական յեղաշջրումի փորձի հետաքննութիւնը քննարկելու համար: Ան աւելցուցած է, որ Թուրքիան պատրաստ է համագործակցելու Եւրոպական Միութեան հետ: «Անգարա մտադիր է այդ հարցին մէջ համագործակցիլ Եւրոպական խորհուրդին հետ: Սակայն եւրոպացիները նոյնպէս պէտք...

Եւրոպական Երկիրներու Մէջ  Հակաիսլամական Տրամադրութիւններ

Եւրոպական Երկիրներու Մէջ Հակաիսլամական Տրամադրութիւններ

ՀՈԼԱՆՏԱՅԻ Ազատութեան կուսակցութիւնը, ըստ իր տարածած ընտրական ծրագիրին, կը ջանայ երկրին տարածքին բոլոր մզկիթները փակել եւ Քուրանը արգիլել: Կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Կերթ Վիլտըրզ կուսակցութեան 2017-2021 թուականներու ընտրական ծրագիրին մէջ կը յայտնէ, որ «Իսլամներուն բոլոր մզկիթներն ու դպրոցները պիտի փակուին եւ Քուրանը պիտի արգիլուի»` նշելով. «Հոլանտան դարձեալ մեզի պիտի ըլլայ, կը յուսանք վերջ տալ երկրին իսլամականացման, մասնաւորաբար սահմաններու եւ ապաստանի դիմումի...

Անգարա Յեղաշրջումի Փորձին Հետ  Կիւլենի Կապին Վերաբերեալ Փաստեր  Չէ Ներկայացուցած Ուաշինկթընի

Անգարա Յեղաշրջումի Փորձին Հետ Կիւլենի Կապին Վերաբերեալ Փաստեր Չէ Ներկայացուցած Ուաշինկթընի

Ամերիկեան «Ֆորէյն Փոլիսի» ամսագիրը կը հաղորդէ, որ Թուրքիա ընդունած է, որ մինչեւ օրս Միացեալ Նահանգներու չէ ներկայացուցած ապացոյցներ, թէ ընդդիմադիր իսլամ քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլեն առնչուած է 15 յուլիսին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած յեղաշրջումի փորձին: Ամսագիրը կը նշէ, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ կառավարութեան ներկայացուցիչ Նաճի Այիտան Քարամանօղլու յայտնած է. «Յեղաշրջումի փորձին հետ Կիւլենի կապին ապացոյցները պիտի ներկայացուին, երբ ժամանակը գայ»:...

Պրազիլի Ծերակոյտը Սկսաւ Ռուսեֆի  Պաշտօնազրկման Հարցով Լսումները

Պրազիլի Ծերակոյտը Սկսաւ Ռուսեֆի Պաշտօնազրկման Հարցով Լսումները

Պրազիլի ծերակոյտը սկսան երկրի նախագահ Տելմա Ռուսեֆի` պիւտճէի օրէնքները խախտելու մեղադրանքով պաշտօնազրկման հարցով լսումները: Վերջինս այժմ դադրած է վարելէ նախագահի պաշտօնը` սպասելով պաշտօնազրկման միջոցառումներու արդիւնքին: Երկրի գերագոյն դատարանի նախագահ Ռիքարտօ Լիուանտոյսքիի նախագահութեամբ երէկուան նիստը յատկացուած էր վկաներու ունկնդրութեան: Պրազիլի նախագահի պաշտօնը ստանձնած առաջին կինը` Տելմա Ռուսեֆ, երկուշաբթի օր պիտի կանգնի 81 անդամներէ բաղկացած ծերակոյտին առջեւ` ինքզինք պաշտպանելու համար, սակայն անոր...

Հանքագործներ Ծեծի Ենթարկելով  Սպաննած Են Պոլիվիոյ Ներքին  Գործոց Փոխնախարարը

Հանքագործներ Ծեծի Ենթարկելով Սպաննած Են Պոլիվիոյ Ներքին Գործոց Փոխնախարարը

Պոլիվիական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Պոլիվիոյ ներքին գործոց փոխնախարար Ռոտոլֆօ Իլանես զինք առեւանգած հանքագործներուն կողմէ մինչեւ մահ ծեծի ենթարկուած է: Պոլիվիոյ կառավարութեան բանբերը մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նախապէս յայտնած էր, որ գործադուլ կատարող հանքագործները առեւանգած են ու կը չարչարեն փոխնախարարը:

Իրանեան Չորս Մարտանաւեր Ամերիկեան  Մարտանաւի Ճամբան Փակեցին

Իրանեան Չորս Մարտանաւեր Ամերիկեան Մարտանաւի Ճամբան Փակեցին

Ամերիկեան ծովուժէն պաշտօնատար մը «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնած է, որ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդէն մարտանաւեր Հորմուզի նեղուցի շրջանին մէջ շատ արագ միջամտութիւն մը կատարելով ճամբան փակած են ամերիկեան «Եու.Էս.Էս.Նից» խորտընկեցին: Պաշտօնատարը յայտնած է, որ իրանեան նաւերը «Նից»-էն 300 մեթր մօտեցած են` նշելով, որ իրանեան նաւերը անտեսած են նաւարկումի օրէնքները, որոնք նաւերու միջեւ բախումները կանխարգիլելու համար նշուած են 1972-ի ընդհանուր համաձանագիրին մէջ: Ըստ անոր,...

Թրքական Յաւելեալ Հրասայլեր Մուտք  Գործեցին Սուրիա, Իսկ Քրտական Ուժերը  Նահանջեցին Եփրատի Արեւելեան Ափ

Թրքական Յաւելեալ Հրասայլեր Մուտք Գործեցին Սուրիա, Իսկ Քրտական Ուժերը Նահանջեցին Եփրատի Արեւելեան Ափ

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Ֆիքրի Ըշըք յայտնեց, որ թրքական ուժերը պիտի շարունակեն մնալ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ, մինչեւ որ Սուրիական ազատ բանակը իր վերահսկողութեան տակ առնէ շրջանը: «Ժարապլոսի գործողութեան սկիզբէն առաջ Դամասկոսի հետ այդ առնչութեամբ հաղորդակցութիւններ չեղան», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Անգարա տեղեակ պահած է Մոսկուան եւ Ուաշինկթընը: Մինչ այդ, թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատար մը յայտնեց, որ թրքական քսան յաւելեալ հրասայլեր մուտք գործած...

«Սուրիոյ Հիւսիսը Ապահով Շրջան Ստեղծելէ  Զատ Այլ Լուծում Գոյութիւն Չունի»  Կ՛ըսէ Չելիք

«Սուրիոյ Հիւսիսը Ապահով Շրջան Ստեղծելէ Զատ Այլ Լուծում Գոյութիւն Չունի» Կ՛ըսէ Չելիք

Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերու նախարար Էօմեր Չելիք Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն կոչ ուղղեց` ահաբեկչական խմբաւորումներու դէմ յստակ կեցուածքներ որդեգրելու: «Մեր դաշնակիցներուն կոչ ուղղեցինք` ՏԱՀԵՇ եւ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւն (ՔԱԿ) ահաբեկչական խմբաւորումներուն միջեւ տարբերակում չկատարելու», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրները ահաբեկիչներու ճամբարներու բացումը պէտք չէ արտօնեն»: Չելիք Գերմանիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերու նախարար Մայքըլ Ռութի հետ մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին...

«Հասաքէի Մէջ Բախումներու Մագլցումը  Մեծ Մտահոգութիւն Կը Պատճառէ»  Կ՛ըսէ Զախարովա

«Հասաքէի Մէջ Բախումներու Մագլցումը Մեծ Մտահոգութիւն Կը Պատճառէ» Կ՛ըսէ Զախարովա

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց. «Սուրիոյ Հասաքէ քաղաքին մէջ բախումներու մագլցումը մեծ մտահոգութիւն կը պատճառէ»: «Թուրքիոյ բոլոր յայտարարութիւնները, մասնաւորաբար Սուրիոյ մէջ անոր գործողութեան վերաբերող յայտարարութիւնները նկատի կ՛ունենանք», նշեց ան: «Ահաբեկչութիւնը թիրախ դարձնող գործողութիւնները պիտի նպաստեն սուրիական տագնապին լուծման», ըսաւ Զախարովա: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նշեց, որ Թեհրանի հետ յարաբերութիւնները լաւ են, «հակառակ կարգ մը իրանցի պաշտօնատարներու...

«Մոսկուա Համաձայն Է Հալէպի Մէջ 48 Ժամուան  Զինադուլին. Կը Սպասենք  Միւս Կողմի Պատասխանին»  Ըսաւ Իկլանտ

«Մոսկուա Համաձայն Է Հալէպի Մէջ 48 Ժամուան Զինադուլին. Կը Սպասենք Միւս Կողմի Պատասխանին» Ըսաւ Իկլանտ

Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակի օգնական Եան Իկլանտ յայտնեց. «Կ՛ուզենք, որ Հալէպի մէջ 48 ժամուան զինադուլ հաստատուի»: Ան նշեց, որ արեւելեան Հալէպ մարդասիրական օժանդակութիւններ ուղարկելու համար ամէնէն արագ ճամբան Քասթիլոյի ճամբան է: Իկլանտ յայտարարեց.«Մոսկուա համաձայն է 48 ժամուան զինադուլին, եւ մենք կը սպասենք Հալէպի մէջ գետնի վրայ ներկայութիւն եղող միւս կողմի պատասխանին»: «Մարդասիրական օժանդակութիւններով բեռցուած բեռնակառքերը պատրաստ են մուտք գործելու...

Page 764 of 882 1 … 763 764 765 … 882

Արխիւներ