
«Արմէնփրես»` վկայակոչելով թրքական «Սթար» օրաթերթը, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, որ Թուրքիա Աւստրիոյ մէջ իր դեսպանը տուն կանչած է` Աւստրիոյ հետ յարաբերութիւնները վերատեսութեան ենթարկելու համար:
«Վերջին իրադարձութիւններուն հետ կապուած` խորհրդակցութիւններու համար մենք Վիեննայէն տուն կանչած ենք մեր դեսպանը, որպէսզի վերատեսութեան ենթարկենք Աւստրիոյ հետ մեր յարաբերութիւնները», ըսած է Չաւուշօղլու:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդած էր, որ Չաւուշօղլու նաեւ յայտարարած է, թէ Վիեննայէն թուրք դեսպանը տուն կանչած է Աւստրիոյ մէջ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) կատարած ցոյցին պատճառով. երբ ցոյցին մասնակիցները եկած են Վիեննայի Շթեֆանփլաց հրապարակ, բախումներ սկսած է քիւրտերու եւ թուրքերու միջեւ, որոնք եւս նոյն ատեն քայլարշաւ կը կատարէին:
Անգարան զայրացած է, որ Աւստրիան Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական նկատուող ՔԱԿ-ի ներկայացուցիչներուն արտօնութիւն տուած է ցոյց կատարելու:
Չաւուշօղլու Մոլտովայի արտաքին գործոց նախարարին հետ մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Աւստրիոյ հետ երկկողմանի յարաբերութեանց եւ գործակցութեան ենթահողը «դադրած է գոյութիւն ունենալէ, ուստի Աւստրիոյ դեսպանատան գործավարը Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչեցինք եւ անոր փոխանցեցինք մեր հակազդեցութիւնը, ինչպէս նաեւ Վիեննայի մէջ մեր դեսպանը Անգարա կանչեցինք խորհրդակցելու եւ Աւստրիոյ հետ մեր յարաբերութիւնները վերատեսութեան ենթարկելու համար»:
Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Սեպասթիան Քուրց ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ իր երկիրը ի գիտութիւն առած է երկրէն թուրք դեսպանի ժամանակաւորապէս տուն կանչուիլը, սակայն մտադիր չէ փոխել Թուրքիոյ նկատմամբ իր դիրքորոշումը:


