Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Ռոյթըրզ-Իփսոս» Հարցախոյզին. Քլինթընի Թրամփի Նկատմամբ Առաւելութիւնը Բարձրացած Է 12 Տոկոսային Կէտի

August 25, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Trump-Clinton_82416

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան եւ «Իփսոս» միջազգային ընկերաբանական կեդրոնին կատարած հարցախոյզին արդիւնքները, որոնք հրապարակուած են 23 օգոստոսին, ցոյց կու տան, որ ամերիկացի քուէարկողներու մօտ Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածու Հիլըրի Քլինթընի ժողովրդականութեան եւ Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Տանըլտ Թրամփի ժողովրդականութեան տարբերութիւնը շատ աւելի մեծցած է:

Ըստ 18 օգոստոսէն 22 օգոստոսի միջեւ կատարուած հարցախոյզի արդիւնքներուն, 8 նոյեմբերին տեղի ունենալիք ընտրութեան ընթացքին ի նպաստ Քլինթընի քուէարկելու պատրաստ է հարցախոյզի մասնակիցներուն 45 առ հարիւրը, Թրամփին` 33 առ հարիւրը, իսկ 22 առ հարիւրը տակաւին չէ կողմնորոշուած:

Այսպիսով, Քլինթըն կը գերազանցէ Թրամփը 12 տոկոսային կէտով: Անցեալ շաբաթ «Ռոյթըրզ-Իփսոս»-ի կատարած հարցախոյզը ցոյց տուած էր, որ երկու թեկնածուներուն միջեւ տարբերութիւնը 8 առ հարիւր է:

Թրամփ վերջին շաբաթներուն նկատելի դժուարութիւններու հանդիպած էր նախագահական ընտրապայքարին մէջ: Բազմաթիւ յայտնի հանրապետականներ կուսակցութեան ազգային կոմիտէն կը յորդորեն` հրաժարելու ընտրութեան ընթացքին Թրամփը պաշտպանելէ: Անցեալ շաբաթ Թրամփ շարք մը մեծ վերադասաւորումներ կատարած է իր նախընտրական արշաւի ղեկավարութեան կազմին մէջ: 19 օգոստոսին յայտնի դարձաւ, որ Հանրապետական կուսակցութեան ընտրական գրասենեակի ղեկավար Փոլ Մանաֆորթ հրաժարած է իր պաշտօնէն:

Նախորդը

Վրաստանէն Հայաստան Անցնող Խողովակաշարը Պայթեցնելու Գործին Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Հետք Գտնուած Է

Յաջորդը

Դանակով Յարձակում Աւստրալիոյ Մէջ

RelatedPosts

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը.  Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու  Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար
Միջազգային

Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը. Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.