Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանի յայտնեց, որ ներկայիս իր Թուրքիա կատարած այցելութեան նպատակը շրջանին մէջ արձանագրուած զարգացումներուն լոյսին տակ համակարգումի մակարդակը աւելցնելու համար է:
«Կը թուի, թէ շրջանին մէջ մեծ փոփոխութիւններ պիտի արձանագրուին, ուստի անհրաժեշտ է համակարգումը աւելցնել», ըսաւ Պարզանի:
«Համաձայնութիւն գոյացուցինք ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պայքարին մէջ համակարգումին ձեւին շուրջ», նշեց ան: