ՄԱԿ. «Սուրիոյ Ծովեզերեայ Շրջանին Մէջ Բռնարարքներու Ընթացքին Պատերազմական Ոճիրի Համազօր Ոտնձգութիւններ Տեղի Ունեցան»
ՄԱԿ-ի Սուրիոյ հարցով հետաքննիչ յանձնախումբը իր հրապարակած զեկուցումին մէջ նշեց, թէ մարտին Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջանին մէջ տեղի ունեցած բռնարարքները «ծրագրուած եւ լայնածաւալ» էին, եւ անոնց ընթացքին տեղի ունեցան ոտնձգութիւններ, «որոնք կրնան պատերազմական ոճիր նկատուիլ»: Հետաքննիչ յանձնախումբը հաղորդեց, որ ժամանակաւոր կառավարութեան ուժերու անդամներն ու կառավարութեան հետ կամ անոր կողքին գործող անհատները» կիրարկեցին «տարբեր վայրերու մէջ լայն տարածում գտած ծրագրուած գործելաոճի»: ՄԱԿ-ի...




















