Աւստրալիոյ վարչապետ Անթոնի Ալպանեզ յայտարարեց. «Աւստրալիան սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի ընթացքին պիտի ճանչնայ Պաղեստինի պետութիւնը»:
«Խաղաղութիւնը միայն ժամանակաւոր կրնայ ըլլալ, մինչեւ որ իսրայէլեան եւ պաղեստինեան երկու պետութիւններու սկզբունքը իրագործուի», ըսաւ ան:
Աւստրալիոյ վարչապետը աւելցուց. «Աւստրալիան պիտի ճանչնայ պաղեստինցի ժողովուրդին իր սեփական պետութիւնը ունենալու իրաւունքը»:
Նոր Զելանտայի արտաքին գործոց նախարար Ուինսթըն Փիթըրզ իր կարգին յայտարարեց. «Պաղեստինի պետութիւնը ճանչնալու հարցը կը սերտենք»: