ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց ու պաշտպանութեան նախարարները եւ գաղտնի սպասարկութեան պետը կ՛այցելեն Անգարա` թուրք պաշտօնատարներու հետ բանակցելու համար:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանի Անգարայի մէջ իր թուրք պաշտօնակից Հաքան Ֆիտանի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Սուրիան զգայուն ժամանակէ կ՛անցնի եւ կը դիմագրաւէ մարտահրաւէրներ, որոնց գլխաւորը Իսրայէլի միջամտութիւններն ու յարձակումներն են, որոնք կը սպառնան Սուրիոյ եւ ամբողջ շրջանի կայունութեան»:
«Կը դիմագրաւենք նաեւ արտաքին մարտահրաւէրներ, որոնք կը ջանան Սուրիոյ մէջ մասնատման իրողութիւն պարտադրել եւ քաոս հրահրել», նշեց Շիպանի` աւելցնելով. «Պետութեան բոլոր հարցերուն մէջ կայունութեան հաստատման աշխատանք տարինք եւ հակառակ դժուարութիւններուն մեծաթիւ ծառայութիւններու ձեռնարկեցինք: Կը յայտնենք, որ մեր ձեռքը կ՛երկարենք ամէն գործընկերութեան, որ կը յարգէ Սուրիոյ միասնականութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը»:
«Թուրքիոյ հետ քաղաքական գործակցութեան ու ապահովական համակարգումի կարելիութիւնը քննարկեցինք եւ վերահաստատեցինք, թէ կ՛ողջունենք սուրիացի գաղթականներուն աստիճանաբար իրենց երկիր վերադարձը», ըսաւ Շիպանի:
«Սուէյտան Սուրիոյ հարազատ մէկ մասն է, եւ անոր զաւակները սուրիացի ժողովուրդի ընկերային կառուցուածքին մաս կը կազմեն, եւ չենք ընդունիր անոր մեկուսացումը կամ լուսանցքայնացումը, եւ այն ինչ որ տեղի ունեցաւ, Իսրայէլի կողմէ հրահրուած էր` շրջանին մէջ համայնքային սադրանք յառաջացնելու համար», յայտնեց ան` աւելցնելով. «Յանձնառու ենք Սուէյտայի մէջ եւ այլուր ոտնձգութիւններու բոլոր հեղինակները հաշուետուութեան ենթարկելու, եւ սուրիական պետութիւնն է, որ իր բոլոր քաղաքացիներուն պաշտպանութիւնը կ՛երաշխաւորէ: Պէտք է խոհեմ հռետորաբանութիւն որդեգրենք այս տագնապը շրջանցելու համար»:
«Հասաքէի մէջ վերջերս գումարուած խորհրդաժողովը սուրիացի ժողովուրդը չի ներկայացներ, եւ փորձեց Սուէյտայի դէպքերը շահագործել: Աւելի՛ն, անիկա Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը պետութեան հաստատութիւններուն մէջ համարկելու համաձայնութեան խախտում է», շեշտեց Շիպանի:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան իր կարգին նշեց. «Կան կողմեր, որոնք չեն ուզեր, որ Սուրիան կայունանայ»:
«Սուրիան աշխատանք կը տանի իր շրջապատին ու աշխարհի պետութիւններուն հետ լաւ յարաբերութիւններ կառուցելու», ըսաւ ան:
«Սուրիան կը դիմագրաւէ դժուարութիւններ ու սպառնալիքներ, եւ զանոնք դիմակայելու համար համակարգում կը կատարենք», յայտնեց Ֆիտան:
«Իսրայէլի ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը դէպի Սուրիա կ՛երկարի» նշեց ան:
Թրքական դիւանագիտութեան պետը շեշտեց. «Իսրայէլ աշխատանք կը տանի Սուրիան տկարացնելու եւ անոր կայունութիւնը քայքայելու, որովհետեւ Իսրայէլ Սուրիոյ նկատմամբ լաւ նպատակ չունի եւ աշխատանք կը տանի քաոսի հրահրման համար»:
«Սուէյտայի մէջ տագնապը լուծելու փորձեր գոյութիւն ունին», ըսաւ Ֆիտան: